Skip to main content
search
Uncategorized

Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850-Ամեակին Առիթով, Հայ Եկեղեցւոյ Ողջ Շարակնոցը Կ՛արժանանայ Մասնագիտական Ձայնագրութեան

By May 1, 2023May 2nd, 2024No Comments

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, hովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Ս. Արք. Չոլոյեանի, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Խառն ժողովի, մեծ աստուածաբան, անկրկնելի շարականագիր, հոգեւորական ու ազգային ղեկավար, միջ-եկեղեցական երկխօսութեանց ռահվիրայ, միջ-կրօնական գործակցութեան ահեղ անհատականութիւն եւ առաքելատիպ Հովուապետ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը Հ.Հ. վաստակաւոր արթիսթ եւ հռչակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեանին վստահեցաւ Հայ Առաքելական Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ շարականներու ձայնագրութեան ամբողջական տարբերակը իրականացնելու գործը, որ շատ հաւանաբար մասնագիտական իր կերպով՝ միաձայն եւ ամբողջ, պիտի ըլլայ առաջինն ու այնքան եզակի իր տեսակին մէջ՝ հետապնդելով հետեւեալ նպատակները.

Ա. Հայոց շարականներու գանձարանը հասանելի դարձնել հայ եւ օտար հանրութեանց:

Բ. Հայ Եկեղեցւոյ շարականամատուցման արուեստին մէջ՝ յաւերժացնել Անթիլիասական երգեցողութիւնն ու աւանդը:

Գ. Արդի միջոցներու օգտագործմամբ (համացանց, խտասալիկ, app…) շարականները մատչելի դարձնել ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ ուղեցոյց՝ հայ հոգեւորականաց ու դպրաց դասերու:

Դ. Հայ հոգեւոր երաժշտութեան զենիթ՝ Ներսէս Շնորհալի Շարականագիրի վախճանման 850-ամեակը նշել արուեստագէտ Հոգեւորականին մատուցելով արժանին՝ նոր ժամանակներու ոգիի՛ն իսկ պատշաճ արուեստով անմահացնելով նաեւ անոր վաստակն ու բարձրանուն դիրքը, հայ հոգեւոր երաժշտութեան պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Առ այս, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր կը գնահատէ Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքի անդամ թենոր Պերճ Քիրազեանը, որ Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս վերջին տարիներուն դարձած է տիրական ներկայութիւն՝ իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանի կազմակերպած մշակութային ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու գեղարուեստական ղեկավար: Խօսելով այս մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց. «Քիրազեան մեր կազմակերպած համերգներով, երաժշտական բարձրագոյն կրթութեամբ, մատուցման ոճով, ձայնային բացառիկ տուելաներով եւ ցուցաբերած քրիստոնէական ոգիով կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու իւրայատուկ մեկնաբան երգիչն ու երաժիշտը, որուն ներդրումը այս աշխատանքին մէջ, վստահ ենք, որ պիտի գերազանցէ մեր ակնկալիքը»:

Close Menu

Categories