Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհի Ճարտարագիտութեան Կեդրոն Սիլիքոն Վալիի Մէջ

By November 17, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատուիրակութիւնը շրջագայեցան աշխարհի ճարտարագիտութեան կեդրոն նկատուող Սիլիքոն Վալիի մէջ։ Հակառակ Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան խճողուած ծրագիրին, վերջին օրը ան փափաքեցաւ տեղեկանալ ճարտարագիտութեան վերջին գիւտերուն` այցելելով Սիլիքոն Վալիի մէջ հաստատուած գլխաւոր ընկերութիւններու։
Նորին Սուրբ Օծութիւնը այցելեց «Էնվիտիա», «Ինթել» եւ «Էփըլ» ընկերութիւններուն կեդրոնատեղիները, առաջնորդութեամբ նոյն քաղաքին մէջ գործող «Սինոփսիս» հաստատութեան տնօրէն դոկտ. Երուանդ Զօրեանի։

Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեան, նոյն վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթէպլեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու ու գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան եւ ազգայիններ։

Այցելութեան ընթացքին յիշեալ ընկերութիւններու պատասխանատուներ եւ դոկտ. Զօրեան լայն բացատրութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն եւ վերջին շրջանին կատարուած իրագործումներուն մասին, յատկապէս արուեստական բանականութեան (AI) բնագաւառէն ներս։ Տրուած բացատրութիւններու ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութիւնը հարցադրումներ կատարեց՝ յաւելեալ լուսաբանութեանց համար, եւ իր տեսակէտները յայտնեց՝ յատկապէս բարոյագիտական ու աստուածաբանական տեսանկիւնէ դիտուած։

Ճարտարագիտութեան վերջին զարգացումներուն առաւել հաղորդ դառնալու համար, Հայրապետը անձնապէս կարգ մը փորձառկումներու մասնակից դարձաւ, օրինակ` «Էփըլ» ընկերութեան «Էփըլ Վիժըն Փրօ»-ին, «Ուայմօ» անշարժավար ինքնաշարժին եւ լրիւ ելեկտրականութեամբ գործող «Թեսլա» ինքնաշարժին։

Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնները եզակի էին իրենց տեսակին մէջ եւ մեծ հիացում պատճառեցին բոլոր բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մօտ` Նորին Սրբութեան մօտ տեսնելով լուրջ հետաքրքրութիւն արհեստագիտութեան վերջին զարգացումներուն նկատմամբ։
Հետեւաբար, քննարկումներով, լուսաբանութիւններով եւ կարծիքներու փոխանակումով հարուստ շրջագայութիւն մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան նաեւ ծանօթացաւ կարգ մը ընկերութիւններու վերին պատասխանատուներու հետ։

Նորին Սրբութիւնը մեծապէս գնահատեց դոկտ. Զօրեանի ունեցած դերակատարութիւնը յիշեալ մարզերուն մէջ։ Հայրապետը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ տեսնելով դոկտորին անձին նկատմամբ անոր շրջապատին ունեցած յարգանքը։ Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես արհեստագիտական զանազան ընկերութիւններուն մէջ գործող հայ պաշտօնեաներուն։

Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան հարիւր հազարաւոր պաշտօնեայ ունեցող «Ինթել» ընկերութեան, միաժամանակ ծանօթանալով նոյն ընկերութեան վերին պատասխանատուներուն հետ, որոնց կարգին Գէորգ Քէշիշեանին։

Վերոյիշեալ շրջագայութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը նաեւ այցելեց «Սթենֆորտ» աշխարահռչակ համալսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հայ ուսանողներու հետ։

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայրապետը եւ իր պտուիրակութիւնը ընթրիքի հիւրը եղան դոկտոր Երուանդ եւ տիկին Ռիթա Զօրեան ամոլին։ Ընթրիքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատելով Զօրեանի կատարած եզակի աշխատանքը, յատկապէս «Սինոփսիս»-ի իրագործումները կամրջելու հայեցի դաստիարակութեան հետ, զինք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Close Menu

Categories