Skip to main content
search
Uncategorized

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850-Ամեակի Կոնդակը Հանդիսաւորապէս Ընթերցուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 10 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագի, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, տնօրինումով Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեանի, հանդիսաւոր կերպով ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած 12-րդ դարու աստուածաբան, մտաւորական, գրող, երաժիշտ, ազգային գործիչ, միջ-եկեղեցական ռահվիրայ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ ընթերցեց Հայրապետական Կոնդակը, Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Վարդապետ եւ Քահանայ հայրեր եւս, իրենց ծխական եկեղեցիներէն ներս ընթերցեցին Հայրապետական Կոնդակը:

Յայտնենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութիւն մը, որ պիտի ընդգրկէ բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր, ձօնուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծանուն Հայրապետի կեանքին ու վաստակին:

Close Menu

Categories