
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հովուական գուրգուրանքով եւ հայրական ջերմ սիրով Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, Հայ դպրոցին հաւատացող բարերարները, նուիրեալները, մեր աշակերտներն ու իրենց ծնողները:
2021-2022 կրթական տարեշրջանի ընդառաջ, ահա՛ դարձեալ կը բացուին Մեսրոպի Տան դռները: Մեր ծնողներու բծախնդիր հետեւողականութեամբ, հայ զաւակներ այսօր մուտք կը գործեն մեր հոգեմտաւոր կեդրոններէն ներս, ուր անոնք կը յանձնուին հայ ուսուցիչներու խնամքին եւ հայ մշակներու հսկող ուշադրութեան:
Արդարեւ, անցնող տարին բաւական դժուար ժամանակաշրջան մը եղաւ մեր դպրոցներուն, աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն համար: Համաճարակի կողքին Արցախի տագնապը, աշխարհի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամն ու զանազան այլ հարցեր բեռնաւորեցին մեր կեանքը: Մեր աշակերտները անմասն չմնացին այս տագնապներէն, բայց շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային ոգիի տոկունութեան, վերանորոգ թափ ու տեսիլքով մենք կոչուած ենք շարունակելու մեր յաղթական երթը՝ աւանդելով հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական արժէքներ:
Հայ Դպրոցը, Հայ Եկեղեցւոյ կողքին, եզակի եւ ինքնուրոյն առաքելութիւն մըն է, որ կ՛իրականացնէ մեր ազգին համար: Հայ դպրոցը այլապէս ալ Հայ Եկեղեցի է, ուր մեր աշակերտները կը սորվին հայրենական աւանդութիւններ, ազգային պատմութիւն ու մշակոյթ, միաժամանակ գիտակցելով, որ Հայոց պատմութիւնը, հայկական մշակոյթն ու մեր ազգի ոգեղէն ժառանգութիւնը ստեղծողները եւ գլխաւոր հովանաւորողը Եկեղեցին եղած է, քրիստոնեայ Հայաստանի եւ ազգի կեանքին մէջ: Հայ դպրոցին յաջողութիւնը Հայ Եկեղեցւո՛յ յաջողութիւնն է, Հայ դպրոցին հզօրացումը Հայ Եկեղեցւո՛յ հզօրացումն է, Հայ դպրոցին տարածումը Հայ Եկեղեցւո՛յ տարածումն է, որովհետեւ այս երկուքը՝ քով-քովի, կը կազմեն ամէնէն ամուր պատուանդանն ու հէնքը հայ նոր սերունդներու գոյութեան:
Ահա՛ այս ապրումներով մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք բոլորիդ, կրթական նոր տարեշրջանին ընդառաջ:
Սիրելի՛ ծնողներ, ուժ եւ կարողութիւն ձեզի, որ կը հաւատաք Հայ դպրոցի անզուգական առաքելութեան: Հայ դպրոցին ճամբով ձեր զաւակներուն կեանքին մէջ ձեր կատարած ներդրումը թող Աստուած օրհնաբեր արդիւնքներով վարձատրէ:
Սիրելի՛ ուսուցիչներ, համբերութիւն ձեզի, որ միշտ կարենաք ձեր բարոյական եւ ամբողջական զօրակցութեամբ կերտել իմացական հասունութեամբ տիպար հայեր:
Սիրելի՛ աշակերտներ, վառ պահեցէք հայկական ոգին ձեր կեանքէն ներս եւ թող քրիստոնէական գեղեցիկ ժպիտը միշտ դրոշմուած ըլլայ ձեր սիրասուն դէմքերուն վրայ:
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի