Skip to main content
search
Uncategorized

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելըսի Վարչութիւնը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

By May 1, 2023May 1st, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ուրֆայի Հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի վարչական անդամներուն, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցելու նիւթական զօրակցութիւն մը՝ ուղղուած հալէպահայութեան եւ իրենց լուման ձգելու՝ Քրեսենթա Հովիտի մէջ հայկական նոր եկեղեցւոյ շինարարութեան գանձարանին, խնդրամատոյց ըլլալով Առաջնորդ Սրբազանին, որ կատարէ պարտն ու պատշաճը:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս Հայրենակցական միութիւններու տեղն ու դերը հայութեան կեանքին մէջ, ապա ողջունեց Ուրֆայի Հայրենակցական միութեան զօրակցական բարի մտածումը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր բոլոր ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories