Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տիկին Հիլտա Պաղտասարեանի, ընկերակցութեամբ իր զաւակներէն՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարանի (Ազգային Վարչութեան անդամ)։ Տիկին Պաղտասարեան Ազգային Առաջնորդարան այցելած էր իր զօրակցութիւնը արտայայտելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր գործունէութեան եւ Առաջնորդարանի ծրագիրներուն:
Տիկին Պաղտասարեան՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն Յակոբ Պաղտասարեանի եւ յանուն Պաղտասարեան ընտանիքին, տասը հազար ($10,000) տոլար նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանին՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան: