Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ռակի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

By October 14, 2022May 30th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ընկերակցութեամբ գաղութի ազգայիններէն Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի:

Հանդիպման գլխաւոր թեման լիբանանահայութիւնն էր, որուն ներկայ իրավիճակին մասին փոխանակուեցան տեղեկութիւններ եւ արծարծուեցան գաղութը յուզող հոգեւոր, ազգային, մշակութային ու ընկերային հրատապ հարցեր:

Տոքթ. Տագէսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ հանդիպումը որակելով օգտաշատ եւ նպատակասլաց, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մարդկային, կրթական եւ բարոյական կարիքները լրացնելու առումով:

Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց մտերմիկ հանդիպումը լաւատեսութեան երանգով՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ երկիր ու ժողովուրդ կը յաջողին դուրս գալ ներկայ ճգնաժամէն, բոլորին պէս լիբանանահայութեան համար եւս կը ստեղծուին ապրելու նպաստաւոր պայմաններ:

Close Menu

Categories