Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

By September 29, 2021June 1st, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետին՝ բժիշկ Րաֆֆի Պալեանի, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ տեսակցեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ՝ տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ գանձապահ՝ դոկտ. Գալուստ Յակոբեան:

Զրոյցի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը հայութեան կեանքին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատանքներուն: ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները իրենց կարգին շնորհաւորեցին Առաջնորդ ընտրութիւնը Սրբազան Հօր եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Ազգային Առաջնորդարանի հետ սերտօրէն գործակցելու, յատկապէս Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան համար նոր ծրագիրներու մշակման եւ անոնց իրագործման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերելու առումով:

Close Menu

Categories