Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով եւ ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ.
buy cialis black online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-black.html no prescription
Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի առաջարկին, Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հասատատեց «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ՝ հարիւր տասը հազար ($110,000) տոլարի գումարով, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հսկողութեան ներքեւ պիտի ծառայէ Ազգային Առաջնորդարանի ընդհանրապէս մշակութային, մասնաւորաբար երաժշտական գործունէութեան բարեզարդման եւ ծաւալման նպատակին:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հանգուցեալին ամուսինը՝ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, զաւակները՝ Արին, Սարոն եւ իրենց ազնուափայլ տիկինները եւ անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամները՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան համար, ապա ողջունեց իր խնդրանքին ընդառաջելու պատրաստ անոնց ոգին ու խիստ դրուատելի կեցուածքը:
Իր կարգին, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ ունեցած էր ազնիւ մտածումը իր սիրեցեալ կողակիցին՝ Սաթիկի յիշատակը անմահացնելու կոչուած հիմնադրամի ստեղծման եւ այս առիթով Սրբազան Հօր փոխանցեց իր անկեղծ զգացումները՝ նշելով, որ հպարտ կը զգայ, որ ի պատիւ Սաթիկին կը հաստատուի այս հիմնադրամը, միաժամանակ յոյս յայտնելով եւ խոստանալով, որ նորահաստատ հիմնադրամը մնայուն կերպով պիտի գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի կեանքէն ներս եւ թէ՝ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամները միշտ պիտի զօրակցին «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի հետապնդած ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ նշեալ 110 հազար տոլարի գումարը գոյացած է՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի մահուան տխուր առիթով Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի կատարած լիաբուռն զօրակցութեամբ եւ Սաթիկի հարազատներու ու բարեկամներու կողմէ փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութեանց ճամբով: