Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առիթով շնորհաւորեց տեղւոյն հայ համայնքն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, իրենց Հոգեւոր Տան՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 55-րդ ամեակին առիթով:
Սրբազան Պատարագին ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Ազգային վարչութեան անդամներ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Տիար Կարպիս Պեզճեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Կայծակ Զէյթլեան եւ Վահէ Եագուպեան եւ համայնքային ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ այսպէս. «Փառք եւ հազար փառք Աստուծոյ, որ այսօր համախմբուած ենք Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աստուածային այս տան մէջ եւ բոլորս միասին կենսաբեր ու կենարար Ս. Պատարագին խորհուրդին ընդմէջէն կը տօնենք ու կը պանծացնենք այս օրհնեալ եւ հրաշափառ Տան 55-րդ տարեդարձը: Ուրախութիւնը, ամէն բանէ առաջ, կը պատկանի Արարիչին, Որուն օրհնութեամբ, 55 տարիներ առաջ կառուցուեցաւ Իր փառքին նուիրուած այս Տունը: Ուրախութիւնը կը պատկանի բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու տքնեցան, որպէսզի կառուցեն այս եկեղեցին, բայց անոնք, այսօր, բնակիչ են երկինքի մէջ: Ուրախութիւնը կը պատկանի բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին մեր կեանքէն ներս տակաւին եւ կը զօրակցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աստուածային եւ քրիստոսաւանդ առաքելութեան: Ուրախութիւնը կը պատկանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխին, համանքին, Ձեզի՝ բոլորիդ, որ տարիներ շարունակ ձեր հոգին լեցուցիք աստուածային օրհնութիւններով, որոնք ճառագայթեցին այս լոյսի խորանէն, ուրկէ նաեւ դուք ապահովեցիք ձեր տան հոգեւոր կանթեղին ձէթը, որ որպէս շնորհք տրուեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ուրախութիւնը կը պատկանի ձեր ժրաջան Հոգեւոր հովիւին՝ Հայր Սմբատ Սապունճեանին, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին նոր քար մը եւ աղիւս մը աւելցուց այս եկեղեցւոյ առաւել հզօրացման, պայծառացման ու բարձրացման գործին մէջ: Այս ուրախութիւնը կը պատկանի Հոգաբարձական կազմի անդամներուն, որոնք մնայուն կերպով կ՛աշխատին լուսաւոր ու պայծառ պահել այս եկեղեցին, ձե՛ր եկեղեցին, մեր բոլորի՜ն եկեղեցին: Ուրախութիւնը կը պատկանի բոլորին՝ Տիկնանց միութիւն, Հոգաբարձական կազմին կողքին գործող այլ մարմիններ, սարկաւագներ, դպիրներ, երգեցիկ խումբ մը նուիրեալներ եւ հաւատացեալներ, որոնք կապուեցան ու կառչած կը մնան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ «մեծաւ ուրախութեամբ» ողջունելէ ետք ներկաները, խօսքը ուղղեց անոնց՝ նշելով, որ «այսօր հրաւիրուած ենք վստահելու մեր Արարիչին, Աստուծոյ, այնպէս, ինչպէս այս եկեղեցւոյ հիմնադիրները վստահեցան եւ այսօր մենք կը քաղենք պտուղը իրենց վստահութեան, միասնաբար տօնելով 55-րդ տարեդարձը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անուն մեր եկեղեցւոյ, ի Սան Ֆրանսիսքօ»:
Սուրբ Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքախումբով ուղղուեցաւ Խաչատուրեան Կեդրոնի Սարոյեան սրահ, ուր նախագահեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 55-ամեակին եւ իր առաջնորդական ծառայութեան առաջին տարեդարձին նուիրուած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան Կեդրոնական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներ, հոգեւորականներ, քաղաքական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով ծխականներ:
Ճաշկերոյթի հանդիսավար Լեւոն Սրկ. Պարսումեան կատարեց բացման խօսք, ապա յաջորդաբար խօսք առին Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պեզճեան, ծերակուտական Սքաթ Ուինըր, Հարկային նախարարութեան Սան Ֆրանսիսքոյի պաշտօնակատար Ուաքին Թորըս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ բոլորը ի սրտէ ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, ապա շնորհաւորեցին եկեղեցւոյ 55-րդ եւ Սրբազան Հօր առաջնորդական ծառայութեան առաջին տարեդարձները եւ փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:
Ճաշկերոյթի ցնծագին մթնոլորտը եզրափակեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, առաջնորդական իր խօսքին միախառնելով՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 55-ամեայ երթը յատկանշող սրտագին շնորհաւորանքներ, որոնց ընդմէջէն ան նաեւ բարձրօրէն գնահատեց ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերու, Արեւմտեան Թեմի ներկայացուցիչներու, տեղւոյն համայնքի ղեկավարներու եւ հրաւիրեալներու, բոլորին մաղթելով եղբայրական ջերմեռանդութեամբ աշխատելու կամք, սէր, միասնականութեան բարձր ոգի եւ աստուածահաճոյ ընթացք:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր. Տանիէլ Զարուկեան հանդէս եկաւ հայ դասական երգերով, մինչ դաշնակի վրայ երաժշտական կտորներ նուագեց Անտրիւ Պոլտի:
Յայտնենք նաեւ, որ ճաշկերոյթէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Լոս Անճելըս: