Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կառոյցներու Դէմ Կատարուած Խափանարարութիւններուն Չյայտնաբերուած Յանցագործները Կը Շարունակեն Թիրախ Դարձնել Մեր Գաղութը

By September 23, 2020June 2nd, 2024No Comments

Անցնող շաբաթավերջին Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանութիւնը տեղեկացուց Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին դէմ իրագործուած նորագոյն խափանարարութեան մը մասին, այս անգամ դրսեւորուած վարժարանի անունը կրող ցուցատախտակին վրայ կրակոցներով։

Դէպքէն երկու օր առաջ, մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գրասենեակներու շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, եւ անկէ նուազ քան երկու ամիսներ առաջ նոյն վարժարանին վրայ կատարուած խափանարարութիւնը, ծնունդն են վերջին տարիներուն Լոս Անճելըսի թէ այլուր ՀԱՅՈՒՆ դէմ շարունակուող ու տարբեր ձեւերով արտայայտուած ատելավառ այլ արարքներու, որոնք նոյն ոճրային մտայղացումին ու ցեղապաշտ ու ատելասփիւռ վարքագիծին դրոշմը կը կրեն։

Կը գնահատենք պաշտօնական եւ տեղական սպասարկութիւններուն զօրակցութիւնը՝ յանցագործները յատնաբերելու ու քօղազերծելու ի նպաստ տարուած աշխատանքին մէջ։ Սակայն կ՛ակնկալենք ու կը սպասենք, որ յայտնաբերուին ատելավառ այս ոճիրին հեղինակները, օրէնքի դիմաց հաշուետուութեան կանչուին ու այնուհետեւ գործադրուին բոլոր միջոցները կանխարգիլելու նման ոճրային արարքներ ու ոտնձգութիւններ, որպէսզի մեր գաղութները վերադառնան իրենց բարօր ու ապահով առօրեային։

Վստահ ենք նաեւ, որ շրջանի պատկան մարմինները կը շարունակեն աչալուրջ հետեւիլ եկեղեցւոյ ու վարժարանի ապահովութեան ու կը մնան աներեր իրենց կամքին ու ծառայութեանց մէջ։

Close Menu

Categories