Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Սուրբ Խաչ Մայր Տաճարի Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

By January 29, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 27 Յունուար 2021ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ տեսակցեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւոր հովիւ Արժ· Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Համօ Գասպարեան եւ անդամներ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ Եկեղեցին ու հայութիւնը յուզող հարցեր, ապա անոնք Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին՝ Տեառնընդառաջի տօնին (14 Փետրուար 2021) առիթով Առաջնորդական Անդրանիկ Պատարագ մատուցանելու եւ քարոզելու Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ:

Close Menu

Categories