Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Սրբապատկերի Օծում Եւ ՀՕՄ-Ի Ննջեցելոց Հոգեհանգիստ Օրէնճ Քաունթիի Սց. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

By March 2, 2022June 4th, 2024No Comments

Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի արարողութեան:

Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկերի օծումը կատարեց սրբալոյս միւռոնով, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը եւ նախկին հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեանը: Ան, միաժամանակ, յատուկ աղօթքով օրհնեց եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուելիք փայտեայ գեղակերտ գրակալները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու համար հոգեհանգստեան յատուկ կարգ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար պատգամին ընդմէջէն անդրադարձաւ՝

Ա. Բարեկենդանի խորհուրդին եւ այս առիթով ըսաւ. «Մեր կեանքին մէջ մենք դրախտը կը փնտռենք, բայց դրախտ ըսուած ճշմարտութիւնը կը ճառագայթէ Յիսուսի անձին ընդմէջէն: Այսօր, մարդ էակին կը պարգեւուի դրախտային կեանք, Յիսուս Քրիստոսի ճամբով միայն»:

Բ. Մեծ Պահոց շրջանին եւ շեշտեց. «Մեծ Պահոց ընդառաջ կանգնած, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք մենք մեզ սրբագրելու եւ մեղաւոր կեանքէն դուրս գալու, որպէսզի կարենանք Յարութեան արշալոյսը դիմաւորել Յիսուս Քրիստոսի լոյսով»:

Գ. Սրբապատկերի օծման արարողութեան՝ աւելցնելով. «Այս սրբապատկերը թող որ օրհնաբեր ներկայութիւն դառնայ բոլորին կեանքէն ներս, որովհետեւ մենք աղօթեցինք առ Բարձրեալն Աստուած՝ խնդրելով, որ այս պատկերին ճամբով Տէրը ձեզի շնորհէ երկնային օրհնութիւններ, պաշտպանէ ձեզ բոլոր տեսակի ցաւերէ, մեղքերէ եւ մոլութիւններէ»:

Դ. Հոգեհանգստեան արարողութեան՝ դիտել տալով, որ «ՀՕՄ-ի ննջեցելոց հոգեհանգիստ կատարելու ճամբով, մենք բարձր կը գնահատենք Հայ Օգնութեան միութեան բազմամակարդակ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ կը հայցենք լոյս՝ ննջեցեալներու հոգւոցն, ուժ եւ կարողութիւն՝ հայ կանանց այս մեծ կազմակերպութեան գործունեայ բոլոր անդամներուն»:

Սրբազան արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան սրբապատկերին, խոնարհեցան անոր առաջ, համբուրեցին զայն եւ օրհնութիւններ ստացան:
Հուսկ, բոլոր ներկաները մասնակից դարձան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան հիւրընկալած ու պատրաստած «Սիրոյ սեղան»ին:

Close Menu

Categories