Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց «Վերջին Ընթրիք»ի սրբապատկերի օծումը, որ նուիրուած էր Չուլույեան ընտանիքին կողմէ։ Ս. Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։
Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան, ուր սկիզբ առաւ օծման արարողակարգը։ Սաղմոսներու ընթերցումով, աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը սրբալոյս Միւռոնով օծեց պատկերին ճակատը, աջ ու ձախ կողմերը:
Օծման արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Առաջաւորաց Պահքի մասին, նշելով, որ այս պահքը իւրայատուկ է Հայ Եկեղեցւոյ եւ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հայ ժողովուրդին Քրիստոնէութեան դարձին առիթով։ Ապա, անցնելով օրուան Աւետարանական ընթերցումի խորհուրդին (Յհ. 6.15-21), ուր կը ներկայացուի Քրիստոսի ծովու վրայէն քալելու հրաշքը, Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ կեանքի ընթացքին բոլորս ալ անպայման կը հանդիպինք տագնապներու ու փորձութեանց, եւ շեշտեց որ Յիսուս Քրիստոս կեանքի փոթորիկներուն դէմ ապահովագրութիւն ու ապահովութիւն չէ, այլ Ան կատարեալ ապահովութիւն է կեանքի փոթորիկներուն մէջ։ Ան յորդորեց հաւատացալներուն, փորձութեանց ժամանակ չյուսահատիլ եւ չընկճուիլ, այլ ընդհակառակը, դիմել մեր երկնաւոր Հօր Աստուծոյ, մեր հաւատքին մէջ առաւել եւս գօտեպնդուիլ, վստահիլ Անոր, որովհետեւ Ան միշտ մեր կողքին է, այնպէս ինչպէս բաց ծովուն մէջ առաքեալներուն հետ էր ընդմիշտ։