Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին աւուր պատշաճի քարոզեց եւ կատարեց սրբապատկերներու օծում, քրիստոնէական բարեպաշտութեամբ լեցընելով ներկաներուն սրտերը: Միքայէլ Հրեշտակապետի եւ Ս. Սարգիսն ու իր զաւակը՝ Մարտիրոսը պատկերող սրբապատկերներու նուիրատուն էր Մանուկ Սրկ. Չուլեան, Ռաֆայէլ Հրեշտակապետինը՝ Սուրէն Սրկ. Հազարեան:
Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նախ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանը, Հոգաբարձական կազմը, Սարկաւագաց եւ երգեցիկ խումբերը ու բոլոր այն նուիրեալները, որոնք իրենց շնորհներով ու բերած ծառայութեամբ կը պայծառացնեն Տէրունական երդիք՝ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցին:
Շարունակելով իր խօսքը Առաջնորդ Արբազանը նշեց. «Սրբապատկերներու օծման արարողութեան ընթացքին, խնդրամատոյց եղանք Արարիչ Աստուծոյ, որ Իր երկնային շնորհքին մէջ պահէ մեզ բոլորս, եւ սրբապատկերները բարեբեր ներկայութիւն դառնան բոլոր այն շրթունքներուն դիմաց, որոնք աղօթքով կը բացուին անոնց առաջ եւ բոլոր այն աչքերուն դիմաց, որոնք հաւատքով կը նային պատկերներուն, անոնց ընդմէջէն քաղելու համար աստուածային պտուղներ»:
Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, սրբապատկերներու բարերարներուն ընտանիքները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ: