Երբ ամբողջ աշխարհը կը դիմակալէ «Քորոնա» ժահրի տագնապը, կ’աղօթենք առ Աստուած, որ ներկայ ժամանակներու «Քորոնա» ժահրի պատուհասէն հեռու պահէ մարդկութիւնը, առաջնորդելով առողջ ու ապահով կեանքի, յատկապէս բոլոր անոնք, որոնք վարակուած են այս ժահրով։ Թող Աստուծոյ Աջը պահապան ըլլայ ու փարատէ բոլորին ցաւերն ու հիւանդութիւնները։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի համատեղ տնօրինման հետեւելով, եւ մեր ժողովուրդին առողջութիւնն ու ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդ Սրբազանները՝ Բարձր. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կը յայտարարեն շրջանի բոլոր Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց եւ բարեպաշտ ժողովուրդին, որ մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ, Մեծ Պահոց արարողութիւնները եւ յաջորդ երեք Կիրակիներուն՝ (Մարտ 22, Մարտ 29 եւ Ապրիլ 5) Ս. Պատարագները մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։
Ըստ կարելւոյն, բոլոր արարողութիւնները պիտի սփռուին ընկերային ցանցերու միջոցաւ։
Վստահ ենք, որ հաւատացեալներ պիտի շարունակեն առանձնակի աղօթքներ կատարել իրենց տուներէն ներս, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու դռները բաց պիտի ըլլան օրուան ընթացքին առանձնակի աղօթք կատարելու ու մոմ վառելու աւանդութիւնը շարունակելու համար, պայմանաւ որ անոնց ներկայութիւնը պետական եւ առողջապահական հաստատութեանց սահմանած թիւին համապատասխան ըլլայ։
Արարողութեանց առընթեր, կը թելադրենք Ս. Մկրտութեան խորհուրդը կատարել անմիջական հարազատներու ներկայութեան։ Նոյն հասկացողութեամբ նաեւ կատարել թաղման կարգը։ Ծիսական այլ արարողութիւններու գծով, բարեհաճեցէք ուղղութիւն ստանալ եկեղեցիներու գրասենեակներէն։
Կը հաղորդենք նաեւ, որ Մեծ Պահոց արարողութեանց եւ Ս. Պատարագի ընթացքին «Տէր Ողորմեա»ի եւ բժշկութեան աղօթք պիտի բարձրացուին, առ ի սփոփանք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին այս համաճարակի տագնապէն ձերբազատուելու, ժահրէն վարակուածներուն ապաքինման եւ համայն աշխարհի ժողովուրդներու առողջութեան համար։
Սրտագին կոչ կ’ուղղենք, որ այս տագնապի լոյսին տակ մեր հաւատացեալները մնայուն դրութեամբ հետեւին պետական, նահանգային եւ քաղաքային ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական արարողութեանց վերաբերեալ մեր ուղղութիւններուն։
Կը հաւատանք, որ մեր եկեղեցիներէն եւ տուներէն ներս առ Աստուած բարձրացած մեր աղօթքներն ու աղաչանքները լսելի պիտի ըլլան բարեգութ Տիրոջ կողմէ որ փրկէ մեզ «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) պատճառած համաշխարհային համաճարակէն, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի երեւելի եւ աներեւոյթ փորձութիւններէ։
«Սուրբ եւ պատուական խաչիդ նշանով՝
մեր սահմաններէն եւ մեր բնակարաններէն հալածէ
երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիները«։
(Ժամագիրք)
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
19 Մարտ 2020