Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդները Ունեցան Խորհրդակցական Հանդիպումներ

By March 11, 2022June 1st, 2024No Comments

Մարտ ամսուն առաջին օրերուն, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի երդիքին ներքեւ, իսկ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան, նիստերուն միացաւ առցանց դրութեամբ:

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմակալ Առաջնորդներու միջեւ գործակցութիւնն ու աշխատանքային խորհրդակցական հանդիպումները՝ մասնաւորաբար «Սփիւռքի Տարուան» առիթով, Թեմերուն ու յատկապէս եկեղեցական կազմակերպչական կեանքին նոր շեշտ կու տան եւ քրիստոնէական ծառայութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բանան:

Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական ուղղորդող ցուցմունքները կեդրոնական մասը կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգ. Առաջնորդարաններու եւ ծուխերու վերաշխուժացման ու ծառայութեանց դաշտերու ընդարձակման գործին մէջ:

Close Menu

Categories