Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ, Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն, Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Մատաղօրհնէք Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ

By September 28, 2022May 31st, 2024No Comments

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ս. Գէորգ Զօրավարի անուանակոչութեան տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, ապա ընթերցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգեւոր հայրեր եւ սարկաւագներ: Ս. արարողութեան ներկայ եղան շրջանի երեսփոխաններ, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ ընտանիքը, բարերարներ, հովանաւորներ եւ հաւատացեալներ:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անսահման ուրախութիւն յայտնեց՝ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ համայնքին տուած այցելութեան առիթով եւ ըսաւ. «Հազար փառք ու գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ կեանքէն եկող չարիքներ մեզ չեն կրնար հաւաքաբար ընկճել մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ մեր հաւաքական ուժը չի գար այս աշխարհի իշխանութիւններէն, այլ անիկա կու գայ վերին իշխանութենէն, մեր Արարիչ Աստուծմէ», ապա անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ աւելցուց. «Ուրախ ենք, որ Ս. Գէորգ Զօրավարին տօնին առիթով, այսօր Ս. Պատարագ կը մատուցենք այս վայրէն ներս՝ աղօթելով, հաւատալով եւ թախանձագին խնդրելով Աստուծմէ, որ մեզի տայ Ս. Գէորգին զօրութիւնը, որպէսզի մեր կեանքին ընթացքին մեր առջեւ բարձրացող կուռքերուն՝ դրամապաշտութիւն, նիւթապաշտութիւն, մեծամտութիւն կոչուին անոնք, թէ բոլոր այն փառքերը, որոնք ստեղծուած են մարդուն կողմէ այս աշխարհին համար, ըսենք՝ «դուք մեզի չէք պատկանիր, մենք ձեզի չենք պատկանիր», եւ անոնց փոխարէն մենք ընդմիշտ պաշտենք մէկ ու միակ ճշմարտութիւնը, Աստուած անուն սրբութիւնը»:

Ծաղկեայ փիլոնի տուչութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքեր յղեց Քահանայ հօր, Հոգաբարձութեան, ներկաներուն եւ համայնքի բոլոր զաւակներուն, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարեց մատաղօրհնէք եւ տօնին առիթով ներկայ եղաւ կազմակերպուած Սիրոյ Սեղանի մը, որուն ընթացքին հնչեցին սրտաբուխ արտայայտութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ:

Ընտանեկան մտերմիկ մթնոլորտը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories