
Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Փասատինայի մէջ գործող Լ. եւ Յ. Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտները, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Կարին Ջուխատարեանի, դաստիարակներու եւ ծնողներու, ու սիրալիր ընդունելութեան արժանացան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի կողմէ:
Սիրասուն մանուկները Ս. Զատկուան տօնին առիթով մեծ խանդավառութեամբ աղօթեցին, երգեցին ու արտասանեցին եւ Ազգ. Առաջնորդարանը լեցուցին նոր կեանքի հոգեգրաւ թրթիռներով: Դաշնամուրի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր երաժշտութեան ուսուցչուհի Մարիա Քէշիշեան:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց հայ փոքրիկներու մատուցած եկեղեցական եւ ազգային գոհարները, կարեւորեց քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը հայ մանուկի հոգեմտաւոր զարգացման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ գնահատեց ուսուցչուհիները, որոնք իրենց վստահուած մանուկներուն ո՛չ միայն գուրգուրանք ու սէր կը տածեն, այլեւ կը դաստիարակեն՝ պատրաստելով վաղուան տիպար հայ քրիստոնեաները եւ անոնց գիտակցութեան մէջ դրոշմելով հայ ոգին ու հայ մշակոյթը։ Գեղամ Արքեպիսկոպոս նոյնպէս դրուատեց հայ ծնողները, որոնք հաւատալով հայ լեզուի կարեւորութեան, իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին։
Նշենք, որ մանուկները Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեցին իրենց ձեռքով իսկ պատրաստուած Արարատ լերան գծանկարը, որմէ ետք Ս. Աշխէն ու Ս. Տրդատ Մատրան մէջ իրենց ծնողներուն հետ միասին միահամուռ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։