Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Ծննդեան Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Մատոյց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Համալիրին Մէջ

By January 12, 2022June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատոյց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ գեղեցկօրէն զարդարուած համալիրին մէջ: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, շրջանի Ազգային երսփոխաններ, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար պատգամը սկսաւ՝ ըսելով. «Ամէն բանէ առաջ, մենք բոլորս ալ ծննդեան այս բազմօրհեալ առաւօտուն պիտի ուզենք գոհաբանական եւ փառաբանական բառեր ձգել երկրէն դէպի երկինք եւ շնորհակալութիւն յայտնել կեանքի պարգեւիչ Աստուծոյ, որ հակառակ մեր շուրջ տեղի ունեցող բազմազան տագնապներու, առկայ բազում հիւանդութիւններու, իր աստուածային օրհնութեամբ եւ երկնային շնորհքով այսօր մեզ համախմբեց հոս, որպէսզի բոլորս աղօթենք միասին եւ նայինք մէկ ու նոյն ուղղութեամբ՝ Յիսուսի, որ որպէս լոյս կը ճառագայթէ Բեթլեհեմի մսուրէն»: Ապա խորհրդածելով այն մասին, թէ երկրի վրայ մարդուն բոլոր ունեցածներուն տուիչը Ինք՝ Աստուած է, ան հարց տուաւ, թէ Մանուկ Յիսուսի ծննդեան այս տարեդարձին քրիստոնեայ մարդը ի՞նչ նուէր ունի տալիք Աստուածորդիին: Պատասխանելով ինքնիր հարցումին, Սրբազան Հայրը նշեց, որ մարդուն կեանքին մէջ միակ բանը, որ չի պատկանիր Յիսուս Քրիստոսի՝ «մեր մարդկային տկարութիւններն ու մեղքերն են, զորս այսօր մենք մեր ափերուն մէջ առած, որպէս նուէր կը դնենք մեր Տիրոջ առջեւ, այն հաւատքով, որ Մանուկ Յիսուս զանոնք պիտի փարատէ մեր կեանքէն եւ փոխարէնը՝ աստուածային օրհնութիւնները անձրեւի պէս պիտի հեղուն մեր կեանքին մէջ»: Աւարտին, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, կնքահայրութեամբ Րաֆֆի Սարեանի, զաւակը՝ բարերար Յովիկ եւ Սիւզի Սարեանի:

Հուսկ, հաւատացեալներ՝ նորոգ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ, սրբալոյս միւռոնով օրհնուած ջուրը՝ որպէս նոր օրերու օրհնութիւն, հոգեւոր ցնծութեամբ տարին իրենց տուները՝ Ս. Ծննդեան խորհուրդով լուսաւորելու համար նաեւ իրենց հարազատները:

Close Menu

Categories