Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՏՕՆ – 2024 – ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

By January 6, 2024June 18th, 2024No Comments

Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատոյց, ջրօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց բուրաւէտ ծաղիկներով զարդարուած Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի 2024-րդ հրաշափառ ծնունդը երկրի վրայ ոգեկոչուեցաւ աղօթական երգասացութեամբ եւ հայոց հոգեգրաւ շարականներու եթերային մատուցմամբ, Սուրբ սեղանին սպասարկութեամբ՝ Հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագներու եւ դպիրներու:

Արդարեւ, երկնքի հետ հաղորդակցական շքեղ պահը յատկանշուեցաւ եպիսկոպոսական զմայլական Ս. եւ անմահ Պատարագով, որուն ընթացքին Յիսուս Քրիստոսի մարդեղինացման փառքը հիւսուեցաւ Աստուծոյ տան մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան, Կրօնական ժողովոյ անդամներու, Ազգ. երեսփոխաններու, մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հաւատացելոց հոծ բազմութեան մը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեգրաւ իր պատգամը սկսաւ՝ ըսելով, որ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ու պայծառակերպող Ծննդեան փառաւոր այս տօնին, բոլորս համախումբ, հաւատքով միացած, ապրումներով մէկացած, մեր սրտին խորերէն գովաբանական բառեր կը բարձրացնենք առ Աստուած եւ կը փառաբանենք Իր մեծութիւնը, որ հողեղէն մարդը աշխարհիկ մոլորութեանց ճամբաներէն դուրս բերելու համար Իր միակ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկեց աշխարհ՝ իբրեւ ապացոյց մարդուն նկատմամբ իր անշիջող սիրոյն, որ ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր եւ յաւիտեանս պիտի ջերմացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը քալեն Յիսուս Քրիստոսի ճամբէն եւ կ՛ապաշխարեն՝ երկնային օրհնութիւններով ու պարգեւներով լեցնելով իրենց կեանքը, այլեւ Վերին ճշմարտութեանց դիմաց լայն բանալով իրենց հոգիները:

Հրաշափառ այս մեծ տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կատարեց ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ գաղութի բարերարներէն՝ Տիար Մայք Սարեանի, ապա, յանուն Արեւմտեան Թեմի Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան զոյգ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծխական բոլոր համայնքներուն, ազգային վարժարաններուն ու կառոյցներուն, ան ողջունեց Վեհափառ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը եւ պայծառ ու բարեբեր բազում օրեր մաղթեց անոր, ինչպէս նաեւ՝ հաւատքի մէջ զօրանալու եւ կեանքի մէջ եղբայրանալու սրտագին մաղթանքներ սփռեց եկեղեցւոյ մինչեւ հեռաւոր անկիւնները՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին ականջալուր՝ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան վերամերձեցման ու վերասերտացման խորհուրդէն թելադրուած:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութիւն մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ:

Close Menu

Categories