«Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ խաղաղութիւնը միշտ որոնուած, քիչ անգամ իրականացուած, բայց յաւիտեանս ցանկալի ճշմարտութիւն է դարձած, մեր ազգային հոգեկերտուածքին համապատասխան՝ խաղաղական, շինարար ու ստեղծագործ ապրելակերպ մը կարենալ ունենալու ի խնդիր:
«Մեր հայրերն ու նախահայրերը, Հայկ Նահապետէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր, հացի ու ջուրի պէս խաղաղութիւն է, որ կը փնտռեն: Մեր նախնիները՝ անցեալին, եւ մեր զաւակները՝ ներկայիս, հայոց աշխարհի ու հայ ժողովուրդի խաղաղութեան համար իրենց արիւնը թափեցին ու կը շարունակեն հայոց դաշտերը իրենց թանկագին արեամբ ոռոգել:
«Դարերու լայնքին, Հայաստան աշխարհ շրջապատուած եղաւ թշնամիներով. անցնող տասնամեակներէն սկսեալ եւ յատկապէս տարի մը առաջ, թշնամի պետութիւններ ոչ խաղաղարար ներկայութիւն են դարձած հայոց կեանքէն ներս: Ինչպէս երէկ, այդպէս ալ այսօր, մեր ժողովուրդը միշտ խաղաղութիւն ցանկաց, խաղաղութիւն փնտռեց, խաղաղութիւն սիրեց եւ վասն արդար խաղաղութեան իր կեանքը ընծայաբերեց, որովհետեւ խաղաղութիւնը մեր ազգին ու հայրենիքին համար մի՛շտ դասուեցաւ սրբազան աւանդ՝ ոչ թէ լոկ հայրերէն կտակուած մեզի, այլ մեր ժողովուրդին նուիրուած՝ վերէն, Աբբայէն, այսինքն՝ Աստուծմէ՛»:
Այս մտածումներով իր խօսքը բանաձեւեց՝ Արեւմտեան Ամերիկայի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Երեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ կայացած հանդիպման, որուն ներկայ եղան խումբ մը արուեստագէտներ, որոնց հետ միատեղ ամբողջացուց յառաջիկայ ամիս իրականանալիք՝ պաշտօնական «Սրբազան Համերգ»ին կապուած մանրամասնութիւններ, միակ ուղղութիւն ունենալով՝ «Վասն Խաղաղութեան Հայոց Աշխարհի» համահայկական գերագոյն եւ գերադաս իղձը, որ պիտի ճառագայթէ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրէին:
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Հայոց Աշխարհ ըսելով ինք կը հասկնայ Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը, Նախիջեւանը, հայկական բոլոր գաղթօճախները եւ համայն Սփիւռքը, որոնց խաղաղութեան կը նուիրէ 2022 տարեշրջանի Ս. Ծննդեան (6 Յունուար) առիթով կազմակերպուած եւ իր տեսակին մէջ եզակի այս համերգը:
«Վասն Խաղաղութեան Հայոց Աշխարհի» խորագրեալ Սրբազան Համերգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 25 Դեկտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հովանաւորութեամբ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի տիկնոջ ի պատիւ հիմնուած՝ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի:
Թորգոմ Եպիսկոպոսի անմիջական հսկողութիւնը վայելող այս համերգի պատրաստութեան աշխատանքները յառաջ կը տարուին արուեստագէտ-երգիչ Պերճ Քիրազեանի կողմէ, իսկ համերգին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 15 մասնագէտ երաժիշտներ: Հայ եւ միջազգային յօրինողներու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած դասական բարձրորակ գործերու մատուցման առընթեր, անոնք նաեւ պիտի ներկայացնեն նոր մշակումներով գործեր, զորս առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչեն նշեալ երեկոյին:
Յայտնենք, որ «Վասն Խաղաղութեան Հայոց Աշխարհի» Սրբազան Համերգը մեր համայնքի ու ժողովուրդի զաւակներուն ուղղուած բաց հրաւէր մըն է, ներկայ ըլլալու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն ընդառաջ կազմակերպուած երաժշտական այս բացառիկ ձեռնարկին: