Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Պատարագի Ուղիղ Սփռում Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն

By May 15, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 17 Մայիս 2020-ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող հինգերորդ Կիրակին է։

Ուրախ ենք յայտնելու, որ առաւօտեան ժամը 11-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի եւ ուղղակի պիտի սփռուի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Տակաւին արարողութիւնները պիտի շարունակուին կատարուիլ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, մինչեւ պետական սպասարկութիւններու կողմէ թելադրուած ցուցմունքները վերացուին։

Close Menu

Categories