
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով, Կիրակի, 5 Փետրուար 2023-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու բոլոր Սարգիս ու Մարտիրոս անունները կրողները շնորհաւորեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, իր կողքին ունենալով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանն ու սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը:
Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, Հոգաբարձական կազմը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Թաթիկեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, Տիկնանց միութիւնն ու տեղւոյն հայ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցներու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Իր արտասանած հոգեւոր պատգամին ընդմէջէն Հայր սուրբը անդրադարձաւ Ս. Սարգիս Զօրավարի եւ իր զաւկին՝ Մարտիրոսի, իրենց Տիրոջ նկատմամբ մինչեւ նահատակութեան հասնող սէրն ու պաշտամունքը, յորդորեց ներկաները՝ իրենց հաւատքին մէջ ըլլալ ամուր եւ գնահատեց Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու պատրաստակամութիւնը հայ մարդուն մէջ:
Յետ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, ապա Սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը: