Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Վարդանանց Տօնիկն Առիթով՝ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

By February 19, 2020June 17th, 2024No Comments

Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ փոխ տնօրէն Տիար Վարդգէս Նալպանտեանի եւ դաստիարակներու։

Աշակերտները նախ ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ, ուր Տէրունական աղօթքը արտասանուեցաւ եւ Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի։

Ապա, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ աշակերտները ներկայացուցին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած գեղեցիկ յայտագիր մը։ Անոնք ելոյթ ունեցան բացման խօսքով՝ Ղեւոնդ Երէցի եւ Վարդանի ճառերէն հատուածներու ընթերցումներով, դաշնամուրի վրայ նուագով, երգով, ասմունքներով եւ խմբերգներով։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց աշակերտները եւ գնահատեց իրենց ներկայացումը, յիշեցնելով, որ մատրան մէջ զետեղուած հայոց քրիստոնէութեան դարձին նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Ս. Տրդատ Թագաւորի, Ս. Սահակ Կաթողիկոսի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Գիրերու Գիւտին եւ Սրբոց Վարդանանց սրբանկարները մեր հաւատքի, ազգային մշակոյթի ու յաւերժութեան պատգամները կը խորհրդանշեն եւ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան հիմնաքարերն են։

Անդրադառնալով Վարդանանց հերոսներուն՝ քաջն Վարդանի եւ Ս. Ղեւոնդ Երէցի ճառերէն ընթերցուած հատուածներուն, ան հարց-պատասխանի ընդմէջէն երկխօսութիւն ստեղծեց աշակերտներուն հետ, հարց տալով թէ Վարդանանց տօնը ի՞նչ խորհուրդ ունի իրենց համար, կրկին շեշտելով, թէ «մեր հաւատքը հաստատելով ամուր վէմի վրայ, Քրիստոսի սիրով, հայրենասիրութեամբ եւ մեր նախնեաց հաւատքով ընթանանք առաջ, վկա՛յ մեր անկախ Հայրենիքն ու ազատագրուած Արցախը»։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ուսուցիչներն ու աշակերտները, մաղթելով, որ իրենց դաստիարակներուն օրինակին հետեւելով, աշակերտներն ալ դառնան ապագայ ուսուցիչներ եւ դաստիարակեն սերունդներ։

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահապանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի ու Հայաստանի քայլերգի խմբերգումով։

Close Menu

Categories