Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, քահանայական սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանին։
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Տէր Հօր անցնող տարիներու ծառայութիւնը եւ յորդորեց, որ ան ուխտի վերանորոգութեամբ, խաչը իբրեւ ապաւէն ու զօրութիւն ունենալով՝ շարունակէ իր ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հայ ժողովրդեան։
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր տօնին նուիրուած շարականին հետեւեալ գեղեցկահիւս բառերը. «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ Քո Քրիստոս պահպանեա զմեզ մարդասէր, յաներեւոյթ թշնամւոյն. զի Դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան»: Ան ընդգծեց, որ եօթներորդ դարու կիսուն Աստուած մեր ժողովուրդի զաւակները արժանացուց Իր Որդւոյն եւ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի խաչափայտի մասունքի գտնուելու տեսիլքին՝ անոր լոյսը ճառագայթելով հայոց երկինքն ի վեր։ Հակիրճ տողերու մէջ Վարագայ Ս. Խաչի հրաշազան Ս. տօնի դրուագին անդրադառնալով, ան նշեց, որ խաչը բոլոր ժամանակներու ընթացքին եղած է եւ է՛ պաշտպան ու ապաւէն հայ ժողովուրդին եւ յաղթանակի զէնք՝ ընդդէմ թշնամւոյն։
Առաջնորդ Սրբազանը յուզումով անդրադարձաւ, որ Կիրակի առաւօտ, երբ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները կը պատրաստուէին նշելու Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, ազերի բանակը անգամ մը եւս իր հայատեաց մոլուցքէն մղուելով՝ Արցախի սահմանը ամբողջ երկայնքով ռմբակոծումներու ենթարկեց եւ լայնածաւալ յարձակում զղթայազերծելով՝ թիրախաւորեց նոյնիսկ խաղաղ բնակչութիւնը, երեխաներն ու մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ «Դժբախտաբար կան զոհեր, վիրաւորներ եւ տուժածներ։ Սակայն վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը այս անգամ եւս պիտի դիմադրէ ու պիտի չընկճուի եւ շարականագիր հայրապետի բառերուն հաւատարմութեամբ՝ իր աղօթքը պիտի բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի Տէրը Իր խաչի նշանով պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդը, Արցախի բարձունքները եւ մեր քաջարի բանակը։ Թող Քրիստոսի խաչը իբրեւ վահան հաւատոյ, զէնք յուսոյ, հրեղէն սիւն լուսոյ մեր զինուորներուն դիմաց մշտապէս ճառագայթէ եւ այս օրերուն մանաւանդ փրկէ ու պաշտպանէ զիրենք թշամիին բոլոր սադրանքներէն եւ յարձակումներէն», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Տէրը մեր բանակի քաջարի զինուորներուն, մեր պետական ու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմաց խաչը այնքան լուսաւորէ, իր ճառագայթները այնքան տարածէ, որպէսզի անոնք վերանորոգ հաւատքով, միասնակամութեամբ, իրենց նախահայրերու օրինակով ու յախուռն կեցուածքով պաշտպանեն մեր հայրենիքը եւ խաղաղութիւնը շուտով վերահաստատուի մեր հայրենիքէն ներս։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագի «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ մեր նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման, Հայոց բանակի հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան համար։