
Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական միութեան Լիբանանի շրջանի նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, որ Լոս Անճելըս կը գտնուի իբրեւ AMAA-ի խորհուրդի ժողովին մասնակից: Վեր. Հայտոսթեանի կ՛ընկերակցէր Ազգ. Առաջնորդարանի Խնամակալ մարմինի անդամ եւ Հայկազեան համալսարանի Լոս Անճելըսի ներկայացուցիչ Տիկին Դոկտ. Յասմիկ Պարան:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս սիրալիր ողջունեց վաղեմի բարեկամ Վեր. Հայտոսթեանը, որուն հետ մտերմօրէն զրուցեց Լիբանանի ուսումնակրթական եւ յատկապէս Հայկազեան համալսարանի ներկայ իրավիճակի մասին, ապա միատեղ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-քրիստոնէական կրթութեան կարեւորութեան՝ պատանի եւ երիտասարդ հայ սերունդներու կեանքին մէջ եւ շեշտուեցաւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը ամէնուր, հայ ինքնութեան առողջ պահպանման ի նպաստ:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի մէջ հայկական միակ համալսարանի գործունէութեան մասին, ապա կատարեց բարեմաղթութիւններ:


