<p style=”text-align: justify;”>Ուրբաթ, 14 Փետրուարը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։
<p style=”text-align: justify;”>Հինգշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ առիթը պիտի ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները, Յիսուս Մանուկի օրինակով, եկեղեցւոյ ընծայելու, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի բարձրացնեն Ս. Խորան։
<p style=”text-align: justify;”>Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին։
<p style=”text-align: justify;”>Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ս. Խորանէն բերուած Լոյս-Քրիստոսը խորհրդանշող մոմով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռքով պիտի բոցավառի խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէսը։
<p style=”text-align: justify;”>Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ Հ.
buy lexapro generic https://rxbuywithoutprescriptiononline.com/lexapro.html over the counter
Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ ու սկաուտներ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ։