Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ տեսակցութիւն ունեցան Ազգ. բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ: Հիւրերուն նպատակն էր զօրակցիլ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աշխատանքներուն եւ գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռին:
Հանդիպման ընթացքին, Մելքոնեան ամոլը յանձն առաւ աջակցիլ Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական, Լիբանանի Ազգ. վարժարաններու եւ Դպրեվանքի կարգ մը ծրագիրներու:
Այս առիթով, Թորգոմ Եպս. բարձր գնահատեց բարերար Մելքոնեանները, որոնք տարիներ շարունակ նեցուկ կանգնած են Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ զօրակցող բարերար ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Արեւմտեան Թեմէն ներս:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը իր այցելուներուն մաղթեց կանաչ եւ օրհնեալ բազում օրեր, որպէսզի անոնք շարունակեն Աստուծոյ իրենց տուած օրհնութենէն օրհնութիւն հանել նաեւ ուրիշներու: