Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տէր Եւ Տիկին Յովսէփ Եւ Էլօ Պոյաճեաններ Կը Հովանաւորեն Միւռոնօրհնէքի Կազմակերպական Բոլոր Ծախսերը

By June 14, 2022May 31st, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 14 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարերարներէն եւ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեաններ, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ խնդրամատոյց եղան անոր, որ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցէ, թէ՝ որպէս ուխտաւորի մէկ ժեսթ, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հովանաւորելու յառաջիկայ 1 Յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի կազմակերպական բոլոր ծախսերը:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին բարձր գնահատեց ուխտաւոր բարերարներուն զօրակցական ներկայ ժեսթը՝ մաղթելով, որ Բարձրեալն Աստուած Իր երկնային օրհնութիւններով լեցընէ իրենց եւ իրենց զաւակներուն կեանքերը:

Close Menu

Categories