Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տէր Եւ Տիկին Պետիկ Եւ Մարօ Ֆերմանեան 100,000 Տոլար Կը Նուիրեն Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին

By June 9, 2021June 2nd, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմի նուիրեալ բարերարներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին մօտ, որպէսզի բարոյականի կողքին իրենց նիւթական լիաբուռն աջակցութիւնը յայտնեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Այս առիթով Ֆերմանեան ամոլը սրտաբուխ կերպով Դպրեվանքին նուիրեց հարիւր հազար ($100,000) տոլար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանները, որոնք մնայուն կերպով ե՛ւ բարոյապէս, ե՛ւ նիւթապէս սատար կը հանդիսանան՝ ընդհանրապէս մեր գաղութի գործունէութեանց եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան: Սրբազան հայրը բարերար ամոլին ցուցաբերած հոգածութիւնն ու նորագոյն այս նուիրատուութիւնը նկատեց յարգանքի ու սիրոյ յոյժ ողջունելի գործնական ընթացք, յատկապէս երբ անոնք կ՛ունենան բարի տրամադրութիւնը Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած բաժինէն նուիրելու նաեւ ազգի հոգեւոր դարբնոց՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին:

Ֆերմանեան զոյգը, իր կարգին, որդիաբար արեւշատ օրեր մաղթեց Վեհափառ Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին՝ հաւատալով, որ Դպրեվանքէն կը շարունակեն դուրս գալ նուիրեալ հոգեւորականներ, որոնք ի սփիւռս աշխարհի իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր ժողովուրդի հոգեւոր պապակները յագեցնելու աստուածահաճոյ գործին:

Հուսկ, Ֆերմանեան ամոլը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ եզակի այս առիթը ստեղծելուն եւ առաջնորդողի դերակատարութեան համար։

Close Menu

Categories