Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմտեան մեր համայնքին ու ի մասնաւորի Արեւմտեան Թեմի ծրագիրներուն իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը բերած ազգային մեծանուն բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու, ընկերակցութեամբ իրենց մօր՝ Տիկին Անժել Մելքոնեանի: Անոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնը խնդրելու՝ դառնալու համար Քրեսենթա հովիտի մէջ Հայ Առաքելական նոր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը:
Առաջնորդ Սրբազանը դրուատական եւ խրախուսական խօսքերով մեծապէս գնահատեց Մելքոնեան ամոլի իշխանական այս բարերարութիւնը, ի շարս բոլոր այն առատաձեռնութեանց, որ զոյգը ցարդ կատարած է յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կեանքին մէջ:
Իր խօսքին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոս նշեց, որ Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ «Կիլիկիան Իշխան» շքանշանակիր Տիար Վարանդ Մելքոնեանն ու ազնուափայլ Տիկինը՝ Հուրին, «բանիւ ու գործով ոչ միայն մնայուն ներկայութիւն են մեր գաղութին մէջ, այլեւ ե՛ն միշտ պատրաստակամ՝ հանրօգուտ ծրագիրներու բարիով պսակմանց համար: Անոնք իրենց անմնացորդ աջակցութիւնը առանց դոյզն վարանքի կը բերեն բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կոչուած են ծաղկեցնելու ազգ ու հայրենիք եւ Արեւմտեան Թեմ, իրենց տեսակին մէջ մնալով այնքա՛ն լիաբուռն, որքան որ կարելի է ըլլալ իբրեւ ազգային բարերար»:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Մելքոնեան ամոլը իր ուրախութիւնը յայտնեց ծաղկունք ապրող Արեւմտեան Թեմի վերջին ձեռքբերումներուն համար եւ այս առիթով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանն ու Արեւմտեան Թեմը, ապա նորոգ հաւատքով վերահաստատեց իր ընթացքը՝ մի՛շտ նեցուկ կանգնելու Ազգային Առաջնորդարանի ժողովրդանուէր եւ եկեղեցաշէն աշխատանքներուն:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց բարերար զոյգը եւ աղօթական մաղթանքներ կատարեց վասն Մելքոնեան ընտանիքի բոլոր անդամներու առողջութեան, բարօրութեան եւ աստուածահաճոյ արարքներու առաւել բազմացման, նուիրատու ամոլը բնութագրելով «քաջ բարերար»: