Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի կոչին, Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովրդանուէր բարերարներէն` ազնիւ հայորդի Տոքթ. Մայք Սարեան եւ իր Տիկինը` Էվելինա, առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժէն ցնցուած հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու բաւարարման, յիսուն հազար տոլարի վճարագիր մը (check) յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, իրենց տան մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին։
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը բարձր կը գնահատէ բարերար Սարեան զոյգը, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի հայ ազգի զանազան ծրագիրներու իրագործման եւ մանաւանդ Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական առաքելութեան։