– «ՔՐԻՍՏՈՍ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵ՛ՏՆ Է»,
ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի եւ հոգաբարձութեան անդամներու կողմէ։ Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, Սրբազան Հայրը սկաուտներու առաջնորդութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, սարկաւագներ ու դպիրներ։ Ս. Պատարագի ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ՝ Տիկին Ծովիկ ԶԷյթլեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, եւ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատաւոր ժողովուրդ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի բնաբան ընտրած էր «Տեսեալ ըզլոյս մեծ Հայրապետին Գրիգորի, պատմէր ցնծութեամբ հաւատացեալ արքային» շարականագրի բառերը։ Օրուան խորհուրդէն մեկնելով, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ յատագիծի ճարտարապետը Քրիստոս Ի՛նքն է, որովհետեւ ան մուրճը ի ձեռին, երկինքէն երկիր իջաւ եւ մեր հաւատոյ հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ցոյց տուաւ այն վայրը, ուր պիտի կառուցուէր Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը։ Գեղամ Սրբազան դիտել տուաւ, թէ այդ օրերուն Լուսաւորիչ Հայրապետ, Տրդատ թագաւոր եւ ժողովուրդը լծուեցան եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքներուն եւ վեր բարձրացուցին միածնաէջ Ս. Տաճարը։ «Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ ո՛չ միայն որպէս քարեղէն կառոյց շօշափելի, թանձրական ներկայութիւն դարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, այլեւ ոգեղէն, ապրող եւ ներշնչող ներկայութիւն։ Ան հայ ժողովուրդի համար դարձաւ միութեան ամրակուռ խարիսխ ու մեր մաքառումներուն ու խոյանքներուն ներշնչարան։ Արդարեւ, Հայ Եկեղեցին միայն աղօթավայր ու սրբավայր չեղաւ, այլ դարձաւ մեր հանճարին հնոցը ու մեր ազգային շաղախը։ Ան մեզի համար եղաւ եւ է՛ մեր ազգային անկորնչելի հարստութեանց հաւատարիմ պահապանը ու մեր ազգային միութիւնը պահող կեդրոնական սիւնը», շեշտեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս,յորդորելով ներկաները՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ թագաւորի սերտ գործակցութեան օրինակով, կառչելու հայ եկեղեցւոյ ազգային միութեան նկարագրին։
Ս. Պատարագի աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահ, նախագահելու ի պատիւ իրեն պատրաստուած սիրոյ սեղանին: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ան ծանօթացաւ շրջանին մէջ գործող միութեանց ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ ընդունեց անոնց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները։