
Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, որուն ընթացքին երկնային սիրով լեցուելու եւ իր նմանը սիրելու սրտառուչ քարոզ ուղղեց եկեղեցին լեցուցած աւելի քան հազար ներկաներու, յատուկ աղօթքով օծեց ու օրհնեց եկեղեցւոյ նոր զանգը՝ իբրեւ հոգեւոր զօրակցութիւն ճգնաժամ ապրող Արցախին ու շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն, ապա կատարեց խաղողօրհնէք:
Ս. խորանէն առ Աստուած բարձրացած ոգեշնչող Ս. Պատարագն ու Հոգեւորին ի փառաբանութիւն մատուցուած աղօթքները աւելի ուժգին ցնցեցին հոգիները, երբ Առաջնորդ Սրբազանը՝ տարիներէ ի վեր եկեղեցւոյ ծառայող Նալճեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ տիկին Լուսին Նալճեանի ի պատիւ նուիրուած զանգը, որ կանգնեցուած էր խորանին աջ կողմը, կոչեց «ղօղանջ Արցախայ» եւ երեք անգամ կրկնուող օծման յատուկ աղօթքի հնչիւններուն տակ երեք անգամ նաեւ լեզուի հանեց զանգը՝ նշելով, որ զանգի իւրաքանչիւր ղօղանջին հետ մեր բոլորին սրտերը պիտի լեցուին Արցախով ու արցախցիներով եւ մաղթեց, որ զանգի ամէն մէկ հնչիւնին հետ լոսանճելըսահայութեան կեանքին մէջ աւելի ուժեղ ներկայութիւն դառնան հայրենիքի տառապակոծ հողակտորն ու թշնամական մահաբեր ճնշումի ենթարկուած անվեհեր զաւակները:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աւանդական խաղողօրհնէք, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ այս առիթով լանջախաչ մը նուիրեց անոր՝ արժանի՛ն գնահատելը եւս երկնային սիրոյ արտայայտութիւն սեպելով, ապա գնահատանքի ջերմ խօսքեր ուղղեց քահանայ հայրերուն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, սարկաւագներուն, երգեցիկ խումբին, Տիկնանց միութեան եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք ամբողջ շաբաթ մը տուն-տեղ թողած՝ եկան ու ծառայեցին եկեղեցւոյ՝ Աստուծոյ տունը վերածելով մեղուի փեթակի եւ անուանակոչութեան նուիրուած տօնախմբութեան վայրի:
Ս. Պատարագը միաժամանակ շքեղ պսակը եղաւ երկնային օրհնութեամբ ու հոգեզմայլ բերկրանքով առլցուն «Երկնային քերովբէ»ի դէպի Երկինք տեղափոխութեան, մինչ մէկ շաբթուան վրայ եկեղեցի յաճախած բազմահազար ներկաներու եւ համացանցով աղօթական պահերուն հետեւող ակնդիրներու սրտերը լեցուեցան Երկինքով, աստուածային հրաշափայլ մթնոլորտով:
ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ
Արդարեւ, աղօթքներով, աւանդական արարողութիւններով եւ իւրայատուկ ձեռնարկներով յորդող շաբաթ մը ապրեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու հայ համայնքի բոլոր զաւակները՝ Երկուշաբթի 7 Օգոստոս 2023-էն սկսեալ: Օրական դրութեամբ տեղի ունեցաւ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին երկնային բարերարութեան խնդրանք բարձրացուեցաւ մինչեւ երկինք՝ աշխարհի ու համայն մարդկութեան, Արցախի, Հայաստանի ու հայութեան ապահով կեցութեան եւ խաղաղութեան համար, այլեւ իւրաքանչիւր օր լեցուեցաւ նոր օրհնանքով մը, ինչպէս՝ հացի, աղի, խունկի, իւղի, վարդերու, այսպիսով Հոգեւորին ներկայութիւնը շատցնելով մարդոց կեանքին մէջ:
Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, հարիւրաւոր ներկաներ նաեւ ականատես վկան դարձան ոչ ընթացիկ արարողութեան մը, երբ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ելեկտրական կրունկէ ելարանի օգնութեամբ եւ մասնաւոր աղօթասացութեամբ օծեց եկեղեցւոյ մայր մուտքի գաւիթը գեղեցկօրէն զարդարող մեծադիր սրբապատկերները (Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքը իր աշակերտներուն հետ, Ս. Աստուածածինը՝ Մանուկ Յիսուսը գիրկը՝ շրջապատուած Ս. Հոգիով եւ երգեցիկ հրեշտակներով, չորս Աւետարանիչները՝ աշխարհին բարի լուրը աւետելու պատրաստ դիրքով…), որոնք իրականացան Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Լենա Ֆերմանեաններու բարերարութեամբ եւ արուեստագէտ նկարիչ Տիգրան Յովումեանի վրձինով:
ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ի պատրաստութիւն մատաղի օրհնութեան, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ի առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցին ապրեցաւ իւրօրինակ եռուզեռ: Օր մը առաջ ուխտաւորներու կողմէ ընծայուած 12 ոչխարներ զենուած եւ դրուած էին համապատասխան նոր կաթսաներու մէջ, առ ի պատրաստութիւն աւանդական հարիսային, որ մինչեւ երեկոյ եկեղեցւոյ ծառայող նուիրեալներու աշխատանքով զետեղուեցաւ կերպընկալէ աւելի քան 2000 ամաններու մէջ, պատրաստ՝ ընդունելու օրհնանք:
Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան հանդիսապետեց, քարոզեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ իր խօսքը կեդրոնացնելով Աստուածորդին ծնած Կոյս Մարիամի մարդկային առաքինութեանց վրայ՝ դիտել տալով, որ 14 տարեկան պարմանուհին՝ Մարիամ, Աստուածամայր դարձաւ շնորհիւ Արարիչ Աստուծոյ թելադրանքին նկատմամբ իր ցուցաբերած անսակարկ սիրոյն ու նուիրուածութեան, որովհետեւ աղջնակը իր անձէն ու աշխարհէն աւելի սիրեց զԱստուած եւ Արարիչին հրահանգները կատարելը իր գոյութեան նպատակը դաւանեցաւ, բացատրեց Թորգոմ Եպիսկոպոս, ապա Մարիամին օրինակով զԱստուած սիրելու կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն: Հաւատքով հրավառ, հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը «Փառք Քեզ Աստուած» եւ Տէրունական աղօթքը միահամուռ երգելու հրաւէր յղեց ներկաներուն, որոնք, ինչպէս նախորդ օրերուն, այդ օր ալ՝ իրենց հետ տուն տարին օրհնուած հարիսայի ամաններ, հոգեւին փառք տալով Աստուծոյ բոլոր այն բարիքներուն համար, զորս կը ստանան Երկինքէն:
Պէտք է ըսել, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը յատկանշական շաբաթ մը եղաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. աղօթական բոլոր պահերը լեցուեցան երկնային զօրութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանի հնչեցուցած՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին պատգամներն ու յորդոր-խորհուրդները ջերմացուցին բոլոր-բոլորին սրտերը: Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով նաեւ դիտել տուաւ, որ աղօթական երկիւղածութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն անկեղծօրէն հնչեցուած բարի խօսքերն ու սրտառուչ մաղթանքները անարգել կը սլանան մինչեւ Արցախ ու անոր քաջարի զաւակները, կը շրջանցեն թշնամի ուժերու բոլոր տեսակի ճնշումները եւ եղբայրական սիրով կը լեցընեն մեր քոյր-եղբայրներուն ու սահմանները պաշտպանող դեռատի եւ չափահաս աննման հայ զինուորներուն սրտերն ու կեանքը: Ապա ան թելադրեց ազգային պայքարի մէջ ըլլալ միասնական, մէկզմէկու նկատմամբ եղբայրական սիրով առլցուն, որպէսզի համայն հայութեան կեանքէն ի սպառ ջնջուին ամէն տեսակի փորձութիւն ու չարիք:
Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնուեցաւ մեծաշուք վայելչութեամբ: Կիլիկեան Ուխտի բարձրաստիճան հոգեւորականներէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Ս. Արք. Ալեէմէզեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: