Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տօքթ. Մայք Սարեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

By February 3, 2022June 1st, 2024No Comments

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ն լաւագոյնս արժեւորելու նպատակով, 2022-ի առաջին օրէն սկսեալ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ իր հօտի բոլոր զաւակներուն՝ օժանդակութեան ձեռք մեկնելու Սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, ի մասնաւորի՝ լիբանանահայութեան:

Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքէն ներս ծանօթ եւ գործունեայ ազգային՝ Տօքթ. Մայք Սարեանի, որ անմիջապէս ընդառաջելով Թորգոմ Եպս.ի առաջարկին, հովանաւորեց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) աշակերտներու կրթաթոշակը, 2022-2023 տարեշրջանի համար:

Այս առիթով Տօքթ. Սարեան նշեց, որ ըլլալով նախկին լիբանանահայ, ինք իր համեստ լուման է, որ կը բերէ իր ծննդավայրի հայութեան օժանդակութեան գործին:

Թորգոմ Եպս. իր կարգին բարձր գնահատեց Տօքթ. Սարեանը, որ նման անմիջականութեամբ կ՛ընդառաջէ իր կոչին եւ այսպիսի ջերմ սրտակցութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի հայ աշակերտութեան նկատմամբ:

Close Menu

Categories