Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ներկայացուց Սահակ Մեսրոպ Քրիստոնեայ Վարժարանի Վերաբացման՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի Փասատինայի Համալիրին Մէջ

By January 24, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ` Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ Փասատինայի Սահակ Մեսրոպ Քրիստոնեայ վարժարանի վերաբացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ շրջանի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան համալիրին մէջ:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Քահանայ հայրը միացեալ աղօթք կատարեց յարանուանական հոգեւոր պետերու հետ, ապա հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Փասատինայի մէջ 7 Յունուարին ծայր տուած հրդեհներուն ճարակ դարձած տեղւոյն Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը, յետ երկշաբաթեայ աղէտի եւ կրթական իր օճախի ցաւագնօրէն այրումին, իր դռները կը վերաբանայ՝ հիւրընկալուելով նոյն շրջանին մէջ գործող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համալիրին մէջ, շարունակելու համար կրթական ընթացիկ տարեշրջանը:

Միաժամանակ, ան ուժ, կորով եւ հոգեկան ամրութիւն մաղթեց մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ ունեցող վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ գնահատեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ը՝ հրդեհի պատճառով ի չիք եղած Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի մեծ ընտանիքին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ մարդասիրական կեցուածքին համար, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց արարողութիւնը:

Close Menu

Categories