Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Փասատինայի Մեծ Ընտանիքը Տօնեց Համայնքի Հիմնադրութեան 40-Ամեակն Ու Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Օծման 20-Ամեակը

By December 19, 2025No Comments

Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Pasadena Hilton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ Փասատինայի մեծ ընտանիքը տօնեց իր ծխական համայնքի հիմնադրութեան 40-րդ եւ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ստեղծման 20-րդ տարեդարձները, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեանի, կազմակերպութեամբ՝ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:

Զոյգ տօներու Կալա-ճաշկերոյթին ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը՝ Ծովիկ, որ անդամ է Ազգ. վարչութեան, այլեւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան, հարազատներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, թիւով աւելի քան 400 հոգի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի արժանի յաջողութիւն նկատեց ծխական համայնքն ու եկեղեցւոյ ընտանիքը համախմբող յոբելենական ձեռնարկը եւ այս առիթով դրուատեց Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն, Տիկնանց միութիւնը, ձեռնարկի հովանաւոր զոյգն ու կազմակերպիչները, եկեղեցւոյ եւ համայնքի կամաւոր ծառայողներն ու առատաձեռն նուիրատուները եւ իր հայրական թելադրանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ ի նպաստ Փասատինայի համայնքային կեանքի առաւել կազմակերպման եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հոգեւոր միասնականութեան ու ծրագիրներու յաջողութեան:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքը եզրափակեց օրհնութիւններ ու բարի մաղթանքներ բաշխելով Փասատինայի մեծ ընտանիքի ներկայ եւ բացակայ բոլոր անդամներուն:

Close Menu

Categories