Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ֆրեզնոյի Հայութիւնը Համախմբուեցաւ Իր Հովուապետին Շուրջ

By November 11, 2025No Comments

Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2025-ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ բազմահարիւր հայորդիներ համախմբուեցան իրենց հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շուրջ՝ ի պատիւ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթի առիթով։ Ամերիկայի ու Հայաստանի քայլերգներէն ետք, խօսքեր արտասանեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութեան ատենապետը։

Սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին ի Ֆրեզնօ, շրջանի գաղութին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր, որ անգամ մը եւս՝ անսալով իր ժողովուրդի փափաքին, ժամանեց Ֆրեզնօ եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի զաւակներուն։ Ապա, Գեղամ արքեպիսկոպոս հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի ուղղէ իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը։

«Եկեղեցի ու համայնք տարբեր իրականութիւններ չեն. անոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Եկեղեցին ո՛չ հաստատութիւն է եւ ո՛չ վայր, այլ իր էութեամբ հաւատքի համայնք է՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Այդ մարմինի անդամները միասնաբար կը կազմեն եկեղեցին: Հետեւաբար, եկեղեցի ու համայնք, որպէս մէկ ամբողջութիւն, պէտք է մնայուն ու սերտ հաղորդութեան մէջ ըլլան», հաստատումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղեց իր պատգամը Ֆրեզնոյի հայորդիներուն։ Այս առիթով, ան նաեւ գնահատեց Ֆրեզնոյի հայութեան ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու քոյր կազմակերպութիւնները:

Ապա, անգլերէն լեզուով շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր ուրախութիւնը արտայայտեց անգամ մը եւս Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին մէջ ներկայ գտնուելուն համար եւ նշեց, որ Ֆրեզնոյի հայ գաղութը Միացեալ Նահանգներու ամենահին գաղութներէն մին է, ինչպէս նաեւ՝ աշխուժ եւ կազմակերպ գաղութ մըն է»: Հայրապետը արժեւորեց եկեղեցի-գաղութ կապը՝ դիտել տալով, որ գաղութին թուաքանակին ու նիւթական կարելիութիւններուն մէջ չեն կայանար անոր արժէքը, այլ՝ հաւատքին եւ եկեղեցւոյ հանդէպ տածած հաւատարմութեան մէջ. «Եւ ես վստահ եմ, որ Ֆրեսզնոն վերջինիս նման է», ըսաւ ան:

Հայրապետը մանրամասնօրէն խռսեցաւ եկեղեցւոյ եւ համայնքի յարաբերութեան կարեւորութեան մասին՝ յատկապէս անդրադառնալով հոգեւոր վերանորոգման: Ան ըսաւ եկեղեցին իր առաջնահերթութեան մէջ ընդգրկէ այդ եւ ծաւալէ Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրներու, հոգեւոր լսարաններու, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ հովուական ծառայութիւներու ճամբով: «Հոգեւոր վերանորոգման նպատակը պէտք է ըլլայ հետեւեալը՝ «Ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեանքը ապրիլ Աստուածաշնչական արժէքներով, բարոյական առաքինութիւններով եւ մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններով», ըսաւ Հայրապետը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքի աւարտին, իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն երկար տարիներու վաստակի ու ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց գաղութի զաւակներէն՝ Ալիս Կիւրէղեանը, Պիլ Սահաթճեանը եւ Մարվին Գաբրիէլեանը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը յատուկ յուշանուէրով պատուեց ազգային բարերար Վահան Շամլեանի այրին՝ Անոյշ Շամլեանը՝ հայութեան կեանքին մէջ Շամլեան ընտանիքին ունեցած նիւթաբարոյական կարեւոր ներդրումին համար։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի միաբերան երգեցողութեամբ։

Close Menu

Categories