
Ուրբաթ, 6 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տնօրինումով, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի նախկին տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հանդիսապետեց Կանանց Միջազգային Աղօթքի Օրուան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, ներկայութեամբ հայ եւ օտար բազմահարիւր հաւատացեալներու:
Աւանդութիւն դարձած Կանանց միջազգային Աղօթքի Օրուան կազմակերպիչները այս տարուան համար վայր ընտրած էին Ս. Խաչ Մայր տաճարը, ուր մուտք գործեցին Հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները օրհնութեան երգերով, ապա Հայր Միւռոն կատարեց բացման աղօթք եւ արտասանեց իր սրտին խօսքը: Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ հերթաբար կատարեցին աստուածաշնչեան ընթերցումներ, օրուան բնաբան ունենալով՝ Մատթէոս Աւետարանի 11-րդ գլխուն 28-րդ համարը, ուր Յիսուս հրաւէր կը յղէ համայն մարդկութեան՝ ըսելով. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի»:
Կանանց աղօթական միջազգային օրուան երաժշտական բաժինը կատարեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի դպրաց դասը՝ մատուցելով հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ խօսեցան հայ կնոջ դերին մասին, իսկ փակման աղօթքով հանդէս եկաւ Հայր սուրբը եւ հաւատքի մէջ ուժ ու տոկունութիւն մաղթեց բոլորին:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, հիւրընկալ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


