Հայ Եկեղեցւոյ համար հայ դպրոցը յոյժ եզակի տեղ ունի բազում հարիւրամեակներէ ի վեր, որովհետեւ ան՝ հայ դպրոցը, կենսաբանական որդին է Հայ Եկեղեցւոյ:
Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը՝ որպէս կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ծաղկման կեդրոն, իր թեմերու ճամբով, բոլոր ժամանակներու հայ կեանքէն ներս մինչ օրս վառ կը պահէ յաղթական Մեսրոպի երկնած առաջին հայ դպրոցի տարածման եւ բարգաւաճման տեսիլքը՝ կեանքի կոչելով հայագիտութեան զարգացման բազում ծրագիրներ եւ կրթական վառարաններ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 թուականը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», համասփիւռեան բոլոր կառոյցները հոգեպէս, բարոյապէս եւ գործնապէս հրաւիրելով՝ Սփիւռքի վերանորոգումն ու վերակազմակերպումը իրականացնելու այնքան պատասխանատու եւ հրամայական գործին:
Այս ծիրէն ներս, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի անդուլ ջանքերով եւ Ազգային վարչութեան բծախնդիր հետեւողութեամբ, անհատ բարերարներ եւ հիմնադրամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով, բազմամակարդակ զօրակցութիւն ցոյց տուին Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարաններուն՝ տասը միլիոն ($10,000,000) տոլար, անոնց առաւել պայծառացման եւ ընդարձակման այնքան ողջունելի նպատակին համար:
Այս իմաստով, ուրախ ենք յայտարարելու, որ Վեհափառին «Սփիւռքի Տարի» վեհափառեան հռչակումը, Արեւմտեան Թեմի 2021-2022 կրթական տարեշրջանին համար վերածուեցաւ յաղթական տօնախմբութեան, մանաւանդ իր տեսակին մէջ վերոնշեալ աննախընթաց ձեռքբերման շնորհիւ:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր կը գնահատէ հայ դպրոցին զօրակցող բոլոր բարերարները եւ նոր նուաճումներ կը մաղթէ Արեւմտեան Թեմին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ