Skip to main content
search
Uncategorized

50-Ամեակ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի – Տօնական Բարձր Հանդիսութեամբ Սկիզբ Առաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեայ Յոբելեանը Շուրջ Հազար Հայորդիներու Ներկայութեամբ

By December 10, 2022June 10th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, տօնական խանդավառութիւն կը տիրէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի՝ իբրեւ ինքնուրոյն Վիճակ գործունէութեան յինամեակը պանծացնող հանդիսութեանց շարքին առաջինը՝ Տօնական Օփերա-Կալան, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, մասնակցութեամբ արուեստագէտ երաժիշտներու եւ մեներգիչներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հանրաճանաչ թենոր Պերճ Քիրազեանի:

Բարձրորակ այս համերգին ներկայ էին Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, գաղութին մէջ գործող քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային կառոյցներու, միութիւններու, մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարժարաններու, միաւորներու պատասխանատուներ, աշակերտներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ մշակութասէր հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը, համագումարը՝ մօտաւորապէս հազար հոգի:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, հանդէս եկաւ երեկոյթի բացման եւ ներկաներուն ուղղուած բարի գալստեան խօսքով: Այնուհետեւ սկիզբ առաւ աւելի քան երկու ժամուան տեւողութեամբ համերգը, որուն ընթացքին հնչեցին հայերէն եւ եւրոպական դասական ու օփերային ընտրուած երգեր, բարձր կատարողութեամբ մեներգիչներ Նաթալի Պիիւքեանսի (սոփրանօ), Արմինէ Վարդանեանի (սոփրանօ) եւ Պերճ Քիրազեանի (թենոր), որոնք իրենց լուսաւոր ներկայութեամբ եւ ձայներու շքեղութեամբ հադիսատեսներուն պարգեւեցին բարձրաթռիչ արուեստ՝ մթնոլորտը լեցնելով տօներու աստղալից, գունագեղ երկինքով:

Այս առիթով գանատահայոց Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի ինքնուրոյն միաւոր ըլլալու յիսնամեակը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ մեր առաքելութիւնը՝ ե՛ւ եկեղեցական, ե՛ւ ազգային գետիններու վրայ ունի մէկ ուղղուածութիւն ու մէկ նպատակ, որ Հայաստան աշխարհն ու Հայ Արցախն է եւ յորդորեց ներկաները զօրակցելու Արցախին ու իր ժողովուրդին, յատկապէս Լաչինի անցքի վերաբացման գծով:

Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, նախ շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, Թեմի յիսնամեայ յոբելեանին առիթով, ապա վեր առաւ գաղութահայ կեանքին մէջ Թեմի հոգեւոր, ազգային ու մարդասիրական ծառայական առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ օրուան համերգը բնութագրեց «հոգեւոր խրախճանք»:

Առաջնորդ Սրբազանը իր արտասանած պատգամին ճամբով նախ բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք դերակատարութիւն ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի յիսնամեայ Տօնական Կալա-համերգի պատրաստութեան մէջ, միով բանիւ՝ բոլոր երգիչները, նուագողները, վարչական գործերով զբաղողներու եւ քուլիսներու ետին լռելեայն աշխատողներու ճիգը, այնուհետեւ ողջունեց հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարները եւ եկեղեցին լեցուցած ամբողջ ժողովուրդը՝ ըսելով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հովանաւորութեան ներքեւ գործող Արեւմտեան Թեմը կառոյց ու շէնք չէ միայն, նուիրապետութիւն կամ վարչական կեդրոն չէ միայն, այլեւ հաւատքի առաքելութիւն մըն է՝ աւանդուած մեր Փրկիչ Քրիստոսէն: Արեւմտեան Թեմը մեր եկեղեցիներն են, բայց ո՛չ քարեղէն հասկացողութեամբ լոկ, այլ՝ ժողովուրդ իմաստով: Արեւմտեան Թեմը մեր ազգային վարժարաններն են, բայց ո՛չ որպէս նիւթական արժէք լոկ, այլեւ որպէս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անկրկնելի օրրաններ, Արեւմտեան Թեմը Ազգային Առաջնորդարանն է, բայց ո՛չ իր կառոյցի տարածքով լոկ, այլեւ իր ծառայական հեղինակութեամբ եւ ազգի կեանքին մէջ համարձակ ներկայութիւն դառնալով՝ շնորհիւ իր անցեալի վաստակին, ներկայի յաղթանակներուն եւ ապագայի լուսաւոր ընթացքին»:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց հոգեւոր ու աշխարհիկ բոլոր այն մարդերը, որոնք զանազան մակարդակներու վրայ ներդրում բերած են Թեմի հաստատման, ծաւալման ու բարգաւաճման գործին մէջ, ապա ներկաներուն փոխանցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական սէրն ու Հայրական ողջոյնները՝ մաղթելով, որ՝ «մեր առջեւ բացուող Նոր Տարին նոր առիթ կ՛ընձեռէ մեր ողջ համայնքին»:

Խօսելով Կալա-համերգի բարձրորակ ներկայացման մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Հեքիաթային իրականութեան մը ականատես մենք դարձանք: Կտոր մը երկինք հանգչեցաւ մեր հոգիին մէջ: Երկնային լոյս մ՛այսօր ցաթեցաւ մեր կեանքին մէջ: Ընդհանրական կամ ազգային մշակոյթի, համամարդկային կամ զուտ քրիստոնէական առումով՝ այսօրինակ երգացանկի մը ընտրութիւնը մեր կեանքին տուաւ նոր որակ եւ մեր հոգիին մէջ աստուածային հաւատքը, յոյսն ու սէրը շատցուց, որպէսզի մենք ժայռեղէն հաւատքով, լուսաւոր յոյսով ու տարածուող սիրով բացուինք նոր՝ 2023 թուականին: Մենք այսօր ո՛չ միայն կը մեծարենք ու կը տօնենք մեր Փրկիչին՝ անզուգական Քրիստոսի ծնունդը, այլեւ Անոր լոյսին տակ կը տօնենք Արեւմտեան Թեմի 50-ամեակը, որ ազգի կեանքէն ներս իբրեւ ոռոգող աղբիւր՝ կենսունակութի՜ւն կը սփռէ ու ջրտո՛ւք կը կատարէ՝ կանաչապատելով ազգային ու քրիստոնէական դաշտեր ու անդաստաններ՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ տարբեր ոստաններ ու գաղութներ» , ապա այս առիթով գնահատեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը, որ ի յիշատակ իրենց տիկնոջ ու մօր՝ բարերարուհի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, բոլորանուէր կը հովանաւորեն Ազգային Առաջնորդարանի մշակութային ձեռնարկները:

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը հատու շեշտով դիտել տուաւ, որ վերանորոգ թափով եւ նոր հորիզոններու ընդառաջ, Արեւմտեան Թեմը պիտի ծաղկի ու ծաւալի վասն պայծառութեան ազգին ու անսասանութեան Առաքելական Մայր Սուրբ եկեղեցւոյ, վասն առաւել հզօրացման Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռին եւ յաւերժութեան մերազն ժողովրդեան, մինչ Արցախի հայութիւնը, որ այսօր կը դիմագրաւէ գոյութեան վտանգ, մեր ուշադրութեան կիզակէտը կը կազմէ: Իւրաքանչիւր ոք իր ձեւով կը զօրակցի արցախահայութեան, աւելցուց Թորգոմ Եպիսկոպոս եւ ընդգծեց, որ ահա՛ մենք այս համերգով մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն եւ տեղւոյն վրայ Պերճ Քիրազեանի առաջարկեց հնչեցնել «Հայաստան» երգը, որմէ ետք, Հոգեւորականաց դասի առաջնորդութեամբ երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, մասնակցութեամբ ողջ ժողովրդեան:

Յայտնենք, որ խնամքով պատրաստուած յայտագրին ընդմէջէն հանդիսատես ժողովուրդը հաղորդ դարձաւ հայ հոգեւոր եւ ժողովրդային գանձարանէն վերցուած՝ Կոմիտասի, Մ. Խորենացիի, Ա. Խաչատրեանի, Ա. Բաբաջանեանի, Ա. Այվազեանի, Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանի խօսքերով թէ յօրինումներով երգերու եւ վայելեց Կրուպերի, Մոցարթի, Էնտըրսընի, Ռոսսինիի, Սթրաուսի, Վերտիի եւ միջազգային այլ հռչակաւոր յօրինողներու օփերային գործերէն նմուշներ, որոնք ընդունուեցան ծափողջոյններով:

Հոյակապ էր երաժիշտներու նուագակցութիւնը՝ երգերուն: Համերգին՝ լարային քառեակով իրենց մասնակցութիւնը բերին երաժիշտներ Արմէն Մանկասարեան (ջութակ), Ռուզաննա Սարգսեան (ջութակ), Արտաշէս Ասատրեան (Ալթ) եւ Յովիկ Յովհաննիսեան (թաւջութակ), մինչ երեկոյթի բացման առաջին նուագները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հանդիսատեսին մօտ, կատարեցին Արտաշէս Սինանեան (վիպրաֆոն) եւ Արմենակ Գրիգորեան (զանգակներ), իսկ Էմմանուէլ Յովհաննիսեան տուտուկի նուագով առինքնեց ներկաները:

Close Menu

Categories