Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Casps-ը Շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

By July 1, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը՝ 30 տարիէ ի վեր հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւն ցուցաբերող Յանձնախումբին (CASPS), գլխաւորութեամբ համաատենապետներ՝ Տիար Ռուբէն Գիւրճեանի եւ Տիկին Մետիա Քալոկնոմոսի, ընկերակցութեամբ կազմի գործադիր տնօրէնուհի՝ Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեանի:

Յանձնախումբը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հովուութիւնը ստանձնելուն առիթով, ապա ներկայացուց իր կրթական առաքելութիւնն ու հետապնդած նպատակները, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգ. Առաջնորդարանին, որ միշտ նեցուկ կանգնած եւ զօրավիգ հանդիսացած է Յանձնախումբին, մի՛շտ յանուն հայ աշակերտներու յաջողութեան:

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու հարցերով զբաղող այս իւրայատուկ Յանձնախումբի իրականացուցած նպատակներուն (ինչպէս՝ ամէնամեայ գնահատանք աւելի քան 400 հայ աշակերտներու, դժուարութեանց պարագային՝ լուծումներու որոնում, եւ այլն) եւ աշխատանքային հեռանկարներուն մասին, ապա կարեւորութեամբ նշեց հայ համալսարանական ուսանողութեան աշխոյժ ու դրական ներկայութիւնը հայութեան հոգեւոր, ազգային, ընկերային ու մարդասիրական զանազան բնագաւառներէ ներս եւ կատարեց բարեմաղթութիւններ:

Հուսկ, Յանձնախումբը նաեւ խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ զայն հրաւիրեց իր աւանդական ձեռնարկին (9 Ապրիլ 2025), որուն ընթացքին գնահատագրեր պիտի բաշխէ կրթական ընթացիկ տարեշրջանին բարձր նիշեր ապահոված հայ աշակերտներու, բարոյական քաջալերանքին հետ ցուցաբերելով նաեւ նիւթական աջակցութիւն:

Close Menu

Categories