
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, Լոս Անճելըսի Հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ, ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն:
Օրուան Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերէն՝ Արժ. Տ. Մկրտիչ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ՝ 451 թուականին, պարսիկներու օրինաւոր բանակին դէմ հայ ժողովուրդին մղած՝ «վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց» պատերազմը եւ խորհրդածութիւններ կատարեց անոր խորհրդանշական արժէքին մասին:
Յետ արարողութեան, Հոգեւորականաց դասը հանդէս եկաւ Վարդանանց տօնին նուիրուած հոգեւոր եւ ազգային երգերով:
Արարողութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:






