Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց, Պատգամեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 2, 2026No Comments

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին առիթով, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ կատարեց հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց, կատարեց մատաղօրհնէք եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու Ս. Գէորգ Զօրավարի անունը կրող բոլոր Գէորգները:

Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Երուանդ Սրկ. Քէշիշեան ղեկավարեց երգչախումբը, որուն միացան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներ:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Գէորգ Զօրավարի սրբութեան հանգամանքը, խորհրդածեց անոր հաւատքի ուժին եւ վասն Քրիստոսի նահատակութեան մասին եւ աստուածաշնչեան մէջբերումներով բացատրեց դրուագն ու ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Գէորգ Զօրավարի ոգիով ու հաւատքով ապրիլ այս կեանքը եւ պատրաստ ըլլալ յաւիտենական կեանքի մէջ զԱստուած տեսնելու:

Յընթացս Ս. Պատարագի, Գեղամ Արքեպիսկոպոս կատարեց մատաղօրհնէք, ապա, յետ արարողութեան, ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու Գէորգ անունը կրող ներկաները եւ նախագահեց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմակերպած Սիրոյ սեղանին, դառնալով սեղանակիցը եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ հիւրերուն:

Այս առիթով, իր սրտին խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ համայնքային կեանքի աշխուժացման նպաստող բոլոր նուիրեալներուն մասին եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն:

Close Menu

Categories