
Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան հայրենի փաստաբան Տիկին Սիրանոյշ Սահակեանը, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներէն՝ Տեարք Լեւոն Պարոնեանի եւ Մայք Քէլէշեանի: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Ճէք Հաճինեան (փոխ-ատենապետ), Տիկնայք՝ Էլօ Պօյաճեան (քարտուղար), Ծովիկ Զէյթլեան (խորհրդական), ինչպէս նաեւ՝ Տիար Սթիւ Տէտէեան եւ Տիկին Սարիկ Արմէնեան:
Ծանօթացման բնոյթ կրող այս հանդիպման, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ ուրախութիւն յայտնեց այն մասին, որ իբրեւ հայուհի՝ Տիկին Սահակեան ստանձնած է նման բարձրաստիճան դատաիրաւական պաշտօն եւ լուրջ աշխատանք կը տանի Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայ քաղաքական գործիչներու ազատագրման, կորուսեալ Արցախի եւ արցախցիներու իրաւական հարցերու լուծման գծով:
Այս առիթով, Տիկին Սահակեան լայնօրէն բացատրեց իր աշխատանքային ոլորտն ու քաղաքական, իրաւական եւ մարդկային գործընթացները, այլեւ ցարդ կատարուածն ու ձեռքբերուածը՝ ընդգծելով, որ դատաիրաւական առումով տակաւին շատ ընելիք ունի հայկական կողմը եւ թէ, բոլոր հանգրուաններուն, յոյժ կարեւոր է համայն հայութեան աջակցութիւնը հայկական բնօրրան Արցախի վերատիրացման եւ արցախցիներու իրաւունքներու վերահաստատման համար:
Յետ շինիչ եւ բազմաձայն զրոյցի ու միտքերու փոխանակման, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յաջողութիւն մաղթեց Տիկին Սահակեանի բարդ գործունէութեան, հայրենիք շուտափոյթ վերադարձ՝ հայ քաղաքական բանտարկեալներուն, Արցախի վերահայացում, նահատակներու ընտանիքներու եւ ապրող արցախցիներու իրաւունքներու վերատիրացում:
Յայտնենք, որ Տիկին Սիրանոյշ Սահակեան իրաւաբան է եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, ան աւելի քան 15 տարի աշխատած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, դատաիրաւական բարեփոխումներու եւ կաշառակերութեան կանխարգիլման մարզերէ ներս:


