
Չորեքշաբթի, 23 Սեպետեմբեր 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան վարչութեան կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Նուպար Տէր Պետրոսեանի:
Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը գնահատեց լոսանճելըսահայութեան կեանքէն ներս Միութեան բազմերես գործունէութիւնը՝ յատկապէս հայկական ինքնութեան, արեւմտահայերէն լեզուի, երաժշտութեան, մշակոյթի եւ աւանդութեանց պահպանման առումով:
Այցելու վարչականները, իրենց կարգին, Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայացուցին իրենց ներկայ եւ հետագայ աշխատանքները, ապա Միութեան 35-ամեակին առիթով, պաշտօնական հրաւէր ուղղեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, որ իր ներկայութեամբ պատուէ իրաքահայութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի այս տարուան համերգը, որ տեղի պիտի ունենայ 18 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան հիմնադրութեան 35-րդ տարեդարձին:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարողական արուեստին, անդամներու հետեւողական ճիգին ու միութենական յանձնառութեան, բոլոր անդամներուն մաղթեց առողջ կեցութիւն եւ յաջողութիւն իրենց աշխատանքներուն մէջ, վարչականներուն՝ ազգային գործունէութեան մէջ անվհատ կամք, ապա բոլորին յղեց իր հայրական օրհնութիւնները:


