Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի Աւարտական Կարգի Աշակերտներուն

By April 22, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Տիկին Սիւզի Օհանեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու եւ ծնողներու: Այցելութեան նաեւ ներկայ եղաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան:

Մօտաւորապէս 60 աշակերտներ նախ արժանաւորապէս ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Քահանայ հայրը, ապա երկու աշակերտուհիներ կատարեցին բացման խօսք եւ իրենց դասընկերներուն սրտի խօսքը փոխանցեցին՝ ընդգծելով, որ 12-րդ կարգի աւարտին հասած ըլլալով, եկած են Ազգ. Առաջնորդարան, որպէսզի ստանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւնները այն պահուն, երբ կը պատրաստուին իրենց սիրելի վարժարանէն դէպի ուսումնական աւելի բարձր հաստատութիւններ փոխանցուիլ: Այս առիթով, այցելու աշակերտները նաեւ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն ընթացքին ցուցադրեցին իրենց տաղանդները՝ հայոց լեզուի մասին ասմունքով, ջութակի վրայ հայկական նուագով եւ ազգային երգերու շարանով, որ վերջ գտաւ «Կիլիկիա» խմբերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատչելի լեզուով եւ մերթ ընդ մերթ հարցումներ ուղղելով զրուցեց ներկայ աշակերտութեան հետ՝ վեր առնելով հայկական ինքնութեան բնորոշ կողմերը՝ լեզու, աւանդութիւն, մշակոյթ առանցքը դարձնելով իր խորհրդածութեանց առարկան: Միաժամանակ, ան նշեց, որ աշակերտական այս խումբը անցնող տարիներուն եւս այցելած է Ազգ. Առաջնորդարան, երբ տակաւին 8-րդ եւ կամ 5-րդ դասարան էր եւ այս իմաստով ուրախութիւն յայտնեց, որ տարիներէ ի վեր հայօրէն պատրաստուած սերունդի մը հետ է, որ այս պահուն կը զրուցէ:

Իր խօսքին մէջ, սրահը լեցուցած աշակերտները համարելով բախտաւոր սերունդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սիրասուն տղոց յիշեցուց, որ մօտիկ անցեալին իրենք բախտը ունեցան հանդիպելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ զրուցելու հետը, երբ Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելըս ժամանած էր հայրապետական վեցերորդ այցելութեամբ, ապա ի սրտէ մաղթեց, որ բոլոր ժամանակներու շրջանաւարտ հայ աշակերտներ, իրենց անհատական կեանքի ձեւաւորման ընթացքին չեն մոռնար իրենց սիրելի վարժարանը, այլ նոր գիտելիքներու պաշարով հարստացած եւ ամրացած՝ ապագային կը վերադառնան իրենց ժողովուրդին գիրկը եւ իրենց նպաստը կը բերեն հայկական վարժարաններու ու համայնքային կեանքի աւելի եւս պայծառացման գործին:

«Հայ դպրոցի աշակերտութիւնը մեր դրամագլուխն է եւ հայապահպանման մեր ուղեգիծի գոյատեւման ու շարունակման կու տայ բովանդակութիւն ու նպատակ: Այս պատճառով է, որ ձեր ծնողներն ու մենք, հայ վարժարան պահելու յանձնառութիւնը վերցուցած ենք եւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբենք», նշեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս եւ իր հայրական օրհնութիւններուն հետ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն, ապա աշակերտներուն բաշխեց փայտեայ վզի խաչ՝ բացատրելով հայկական խաչին իմաստն ու կարեւորութիւնը եւ կանաչ ճամբայ մաղթեց անոնց:

Close Menu

Categories