
Ուրբաթ, 15 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը հանրածանօթ ժողովրդային երգիչ Տիար Նշան Ջաղացպանեանի, որ իր շնորհաւորանքներուն հետ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց իր երգերէն կազմուած շարք մը սկաւառակներ:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց նախկին լիբանանահայ երգիչին վաստակն ու աւելի քան յիսուն տարուան կառչածութիւնը ազգային եւ ժողովրդական երգարուեստին, ինչպէս նաեւ՝ հայկական սիրուած երգերու մատուցման արուեստին մէջ Տիար Ջաղացպանեանի իւրայատուկ ոճը, ապա առողջութեան ու յաջողութեան մաղթանքներուն հետ հայրական իր օրհնութիւնները շնորհեց հիւրին:


