Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

«Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 53-Րդ Նստաշրջանը Գնահատեց Թեմի Գործունէութիւնը Եւ Հունաւորեց Յառաջիկայ Աշխատանքները», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

By June 5, 2026No Comments

Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Արեւմտեան Թեմը գումարեց Ազգային Երեսփոխանական միօրեայ 53-րդ նստաշրջանը, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի նոր համալիրի Թուլումճեան մարզասրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ յետմիջօրէ ժամը 2:30: Հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը:

Երկու նիստերով գումարուած ժողովին, ծխական շրջաններէն ներկայ եղան 44 Ազգ. երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետները, Խնամակալ մարմինի ատենապետն ու ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

Ժողովին բացումը աղօթքով կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր պաշտօնական խօսքին մէջ ողջունեց Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու շրջաններու ներկայացուցիչները՝ դիտել տալով, որ տեսիլքի ժողով է գումարուածը, որ կ՛ենթադրէ, թէ ներկաները պիտի քննարկեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի միամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը եւ պիտի ծրագրեն ու հունաւորեն Թեմի յառաջիկայ առաջնահերթութիւններն ու աշխատանքները:

Յետ ներկաներու եւ ժողովի օրինականութեան հաստատման, ժողովը ականջալուր եղաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին՝ յղած Երեսփոխանական այս ժողովին, ապա կատարեց մնայուն դիւանի ընտրութիւն՝ ատենապետ ընտրելով Տիար Յակոբ Ետալեանը, ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պալգէորգեանը:

Հեզասահ ընթացքով մը, ժողովականները վաւերացուցին օրակարգը եւ լայնախոհ յանձնառութեամբ լուծեցին զայն կէտ առ կէտ: Յետ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի միամեայ բարոյանիւթական գործունէութեան քննարկման, հարցումներու տրուած սպառիչ պատասխաններու եւ ներկայացուած լուսաբանութիւններու, այլեւ միամեայ տեղեկագիրներէ (գործունէութիւն եւ հաշուական), ժողովականները միաձայնութեամբ գնահատեցին բանաձեւի յանձնախումբին՝ «յոյժ գնահատելի» որակումին, որ լաւապէս կը ցոլացնէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայ իշխանութեան տարած աշխատանքն ու Թեմի կեանքին մէջ արձանագրուած վերելքը՝ յատկապէս եկեղեցական, կրթական, շինարարական, մարդասիրական, դաստիարակչական եւ ընկերային գործունէութեանց դաշտերէ ներս:

Ժողովի ընթացքին յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական 6-րդ այցելութեան ընթացքին Խառն ժողովի եւ Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի զաւակներուն ցուցաբերած կազմակերպուածութիւնն ու ծառայական ոգին, ինչպէս նաեւ՝ Թեմի բարերարներու եկեղեցասէր նկարագիրն ու առատաձեռն վերաբերումը՝ համայնքի կարիքներու բաւարարման եւ Թեմի ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր, մէկ առ մէկ յիշատակելով եկեղեցական ու կրթական կեանքի մէջ արձանագրուած յաջողութիւններն ու նոր ծրագիրները, կատարուած կալուածային ընդարձակումներն ու Ազգային վարժարաններու ձեռք ձգած նոր մրցանակները:

Յատկապէս այս առումով, ներկայ Ազգային երեսփոխաններն ու Ազգ. Առաջնորդարանի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները գնահատանքի խօսքեր հնչեցուցին եւ ծափողջոյններու արժանացուցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, գործող Ազգային վարչութիւնը եւ վերջինիս պատուարժան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանը:

Ժողովը նաեւ լրջօրէն քննեց գործող իշխանութեան եւ անոր յարակից մարմիններուն դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս՝ եկեղեցական եւ դաստիարակչական մարզերու եւ ծառայական զանազան դաշտերու վերաշխուժացում, հայոց լեզուի ուսուցման ի նպաստ աշխատանքի ընդլայնում եւ առաւել կազմակերպուածութիւն, այլեւ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի հզօրացման ի նպաստ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութիւն:

Յառաջիկայ տարուան գործունէութեան վերաբերեալ նոր առաջարկներու օրակարգով, ժողովականները կատարեցին շինիչ առաջարկներ, ինչպէս՝ հայախօս եւ անգլիախօս երիտասարդ քահանաներու պատրաստութիւն, հայագիտական նիւթերու դասաւանդման համար հայերէնաւանդ ուսուցիչներու պատրաստութեան նպաստող կարելիութիւններու եւ միջոցներու որոնում ու աշխատանքի ծրագրում, աւանդական բնոյթի եւ նորովի հաստատուած քրիստոնէական ու ազգային աշխատանքներու լաւագոյնս կազմակերպում՝ շրջահայեաց եւ մասնագիտական մօտեցումով, ի պահանջեալ հարկին նաեւ ընդգրկելով մասնագէտ տարրեր, որպէսզի յառաջացուի ակնկալուած եւ անհրաժեշտ մարդուժ, եւ գործին արդիւնքը ըլլայ փայլուն, նպատակասլաց, ուղենշային:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն, ծուխերու հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներուն, սրահը լեցուցած Ազգային երեսփոխաններուն եւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց Թեմի զաւակներու աշխոյժ եւ եկեղեցանուէր վերաբերումին ի տես՝ դիտել տալով, որ իր տեսակին մէջ նմանը չունեցող Արեւմտեան Թեմը օժտուած է մեծ կարողականութեամբ եւ տակաւին շատ ընելիք ունի Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայութեան ազգային կեանքի առաւել բարգաւաճման ի նպաստ, ապա յաջողութեան մաղթանքներով եւ աղօթական օրհնութեամբ եզրափակեց Ազգային Երեսփոխանական 53-րդ նստաշրջանը:

Close Menu

Categories